ՀԱԼԷՊ.- Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ Երեքշաբթի գիշերուընէ ի վեր, իսկ որոշ հատուածներու մէջ՝ կէսօրուընէ, անջատուած է ելեկտրականութիւնը, սակայն գիշերը, նախորդ օրուան համեմատ, խաղաղ անցած է: «Թեր»չին հետ զրոյցի ընթացքին, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է, որ կրակոցներու ձայներ լսուած են, սակայն էական միջադէպեր չեն պատահած: «Ելեկտրականութիւնը անջատուած էր եւ դժուար էր գիտնալ, թէ այդ մէջ ընդ մէջ կրակոցներու ձայները ո՞ր շրջաններէն կու գան: Բայց հաւանաբար հեռու էին եւ մեր շրջաններուն մէջ ուղղակի դէպքեր չկային», ըսած է ան: Չորեքշաբթի օր եւս, կարգ մը հայկական թաղամասերու մէջ ելեկտրականութիւնը անջատուած մնացեր է:
Յիշեցնենք, որ Երեքշաբթի օր կառավարական զօրքերու եւ զինեալ ընդդիմադիրներու բախումները հասած էին հայկական թաղամասերը:
Ընդդիմադիրները նախօրէին փորձած էին գրաւել հայաշատ թաղամասերու մէջ գտնուող կառավարական շէնքերէն մաս մը՝ մասնաւորապէս Վիլլաներ շրջանին մէջ, եւ բախումները ընթացած էին գլխաւորաբար այդ շրջաններուն շուրջ: