ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հինգ հայորդիներ Պըրպենք քաղաքի զանազան յանձնաժողովներու անդամ նշանակուած են:
Արդարեւ, Անի Մարանճեան-Յովհաննէսեան նշանակուած է ջուրի եւ ուժանիւթի խորհուրդի անդամ, Արա Պոյաճեան՝ քաղաքացիական պատիւի յանձնախումբին, Վահէ Յովհաննէսեան՝ Պըրպենքի ծրագրումի մարմինի ու քաղաքի միացեալ կրթաշրջանի կալուածները հսկող յանձնախումբի ատեանպետ, Կարէն Եղբայրեան՝ զբօսայգիրներու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութեանց յանձանախումբի ատենապետ, եւ Յակոբ Հերկելեան՝ ոստիկանութեան յանձնաժողովի քարտուղար:
«Յոյժ կարեւոր է, որ քաջալերենք քաղաքի հայութիւնը, որ գործօն մասնակիցը դառնայ Պըրպենքի քաղաքացիական կեանքին: Նշեալ հինգ անձերը հոյակապ ներկայացուցիչներ են եւ օրինակելի տիպարներ՝ մեր համայնքին», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան:
Անի Մարանճեան-Յովհաննէսեան շինարարական «Վուլքան Մեթիրիըլզ» ընկերութեան արեւմտեան շրջանի իրաւաբանն է: Անոր պաշտօնմավարութեան 7 տարիներուն ընթացքին ընկերութեան հեղինակութիւնը զգալիօրէն բարելաւուած է: Ան վկայուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ու Լա Վըրն համալսարանէն եւ եղած է ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի ու ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտի անդամ: Ան նաեւ յօդուածներ գրած է «Պըրպենք Լիտըր» թերթին մէջ եւ 8 տարի եղած է քաղաքի համայնքային բարգաւաճման յանձնախումբի անդամ:
Արա Պոյաճեան վերջին 40 տարիներուն Պըրպենքի բնակիչ եղած է եւ հիմնադիրն է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարկ տալու նպատակով հաստատուած «Visit Armenia It Is Beautiful» համացանցային կայքին: 2010էն 2012 սպասարկելէ ետք Պըրպենքի քաղաքացիական պատիւի յանձնախումբին, ան վերջերս երկրորդ անգամն ըլլալով նշանակուած է այդ յանձնախումբին անդամ, նպատակ ունենալով նպաստել քաղաքին բարգաւաճման, անոր տարբեր համայնքներուն եւ մշակոյթներուն միջեւ կապեր հաստատելով եւ սերտացնելով:
Վահէ Յովհաննէսեան իր անունը կրող իրաւաբանական հիմնարկին փաստաբաններէն է, մասնագիտացած քաղաքացիական եւ քրէական հարցերու մէջ: Ան վկայուած է Լա Վըրն համալսարանի Սան Ֆերնանտօ հովիտի իրաւաբանական բաժանմունքէն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ու կամաւոր աշխատանք կը տանի նաեւ Պըրպենքի գրադարանէն, ինչպէս նաեւ «Թիւֆէնքեան» մանկամսուրէն ու ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղէն ներս: Վերոյիշեալ պաշօններուն կողքին, ան անցեալին նաեւ եղած է քաղաքի ջուրի եւ ուժանիւթի խորհուրդի անդամ:
Կարէն Եղբայրեան Պըրպենքի երկարամեայ բնակիչ ու կամաւոր գործիչ մըն է: Ան վկայուած է Փենսիլվենիոյ համալսանէն եւ վերջին տասնամեակին կը պաշտօնավարէ Լոս Անճելըս քաղաքի քարտուղարի գրասնեակէն ներս, իբրեւ ուսումնասիրական վերլուծաբան: Վերոյիշեալ պաշտօնին կողքին, ան նաեւ քաղաքը կը ներկայացնէ Սանթա Մոնիքա լեռներու պահպանութեան խորհրդատուական մարմինին մէջ: Կարէն գործօն անդամ եղած է նաեւ քաղաքի զանազան յանձնախումբերուն, ինչպէս՝ սահմանադրութիւնը վերանայելու, համայնքային զարգացման եւ ընտրական դրամահաւաքի օրէնքները բարեկարգելու համար կազմուած մարմիններուն: Ան նաեւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ:
Յակոբ Հերկելեան վերջին 15 տարիներուն եղած է Պըրպենքի բնակիչ եւ գործօն մասնակցութիւն բերած է անոր համայնքային կեանքին: Ան 10րդ տարին ըլլալով կը սպասարկէ Պըրպենքի ոստիկանութեան յանձնաժողովին, իսկ անցեալին եղած է քաղաքի սահմանադրութիւնը վերանայելու եւ ընտրական դրամահաւաքի օրէնքները բարեկարգելու յանձնախումբերուն անդամ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ մըն է Պըրպենքի ղեկավարման հիմնարկէն: Յատկանշական է, որ Պըրպենքի ոստիկանութեան յանձնաժողովը ներկայիս կը քննէ ոստիկանութեան վրայ քաղաքացիական հսկողութիւնը բարելաւելու միջոցները: Հերկելեան անցեալին եղած է նաեւ Պըրպենքի ոստիկանութեան յանձնաժողովի ատենապետ: