
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան «PANTOMIMEFEST» մնջախաղի միջազգային 3րդ փառատօն տեղի պիտի ունենայ 10-15 Օգոստոսին, Ծաղկաձորի մէջ։ Անիկա կազմակերպուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին, Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորումին եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին կողմէ: 27 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարեց փառատօնի գործադիր տնօրէն Ժիրայր Դադասեանը:
Փառատօնին պիտի մասնակցին անհատ մնջախաղացներ եւ մնջախաղի թատերախումբեր՝ տարբեր երկիրներէ. Մաթէօ Չոնինին՝ Իտալիայէն, Մակոթօ Ինովեն՝ Ճափոնէն, Վետատ Զառը՝ Թուրքիայէն, Կլեն Խաւիէրն ու իր թատերախումբը՝ Դանիայէն, Փոլընտ Թիէթըր թատերախումբը՝ Լեհաստանէն, Սերգէյ Չերուեաքովը՝ Ղազախստանէն, ինչպէս նաեւ 4 հայաստանեան թատրոններ: Փառատօնի յատուկ հիւրն է Ս. Փեթերսպուրկի թատերական արուեստի ակադեմիոյ փրոֆեսէօր, արուեստաբանութեան թեկնածու, մնջախաղի մասին բազմաթիւ գիրքերու, յօդուածներու հեղինակ, ինչպէս նաեւ շարք մը ներկայացումներու բեմադրիչ Ելենա Մարքովան՝ Ռուսիայէն։
Փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին բացօթեայ ներկայացումներ, որոնց ընդմէջէն հանդիսատեսներուն հետ կապ պիտի հաստատուի, պիտի կատարուին տարբեր թատերախումբերու միացեալ ծրագիրներ, տեղի պիտի ունենայ փորձառութիւններու փոխանակում, ինչպէս նաեւ փողոցային մնջախաղի վարպետութեան դասընթացքներ եւ այլն: Փառատօնին ընթացքին պիտի տրուին նաեւ պարային մնջախաղի վարպետութեան մասնագիտական դասընթացքներ՝ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու կողմէ։ Փառատօնին ընթացքին պիտի տրամադրուի Երեւանէն Ծաղկաձոր փոխադրող երկու մեծ հանրակառք՝ անվճար, որպէսզի Երեւանի հանդիսատեսը եւս իրաւունք ունենայ մասնակցելու այս փառատօնին։ Կը նախատեսուի ընդարձակել փառատօնին ծիրը եւ ցուցադրութիւններով հանդէս գալ նաեւ Ծաղկաձորի մօտակայ քաղաքներուն մէջ՝ Հրազդան, Սեւան եւ այլն:
Կը նախատեսուի փառատօնին բացումը կատարել Ծաղկաձորի մէջ տեղադրուելիք Լէոնիդ Ենգիբարեանի արձանով, որուն քանդակագործն է Դաւիթ Մինասեան: