ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Ողիմպիական խաղերը 6րդը կը նկատուին անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, իսկ 5րդը, որուն ընթացքին Հայաստան կը ներկայանայ իր դրօշակին հովանիին տակ։ Արդարեւ, 1992ին Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերուն հայ մարզիկները ներկայացան ԱՊՀ միասնական հաւաքականի կազմով: Անկախ Հայաստանի մարզիկները Եռագոյնին առաջնորդութեամբ առաջին անգամ ըլլալով հանդէս եկան 1996 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Աթլանթա քաղաքին մէջ կայացած ողիմպիական մրցաշարքերուն ընթացքին: Աթլանթայի մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Արմէն Նազարեան հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, իսկ ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Արմէն Մկրտչեան նուաճեց ողիմպիական արծաթը: Հայաստանի մարզիկները ոչ պաշտօնական խմբակներու կարգին մէջ գրաւեցին 41րդ դիրքը։
2000 թուականին Սիտնիի եւ 2004 թուականին Աթէնքի ամառային խաղերուն Հայաստանի մարզիկները յաջողութիւններ չունեցան, իսկ 2008 թուականի Փեքինի խաղերուն Հայաստան տիրացաւ 6 պրոնզէ մետալի:
Այս տարուան ողիմպիականին Հայաստան կը մասնակցի 25 մարզիկներով՝ եօթը ըմբշամարտիկ, վեց ծանրորդներ, չորս թեթեւ աթլէթներ, երկուքական ճիւտոյիստներ եւ լողորդներ, մէկական հրաձիգ, թայքունտոյի մարզիկ, մարմնամարզիկ եւ բռնցքամարտիկ:
Հայաստանի մարզիկները ժամանակակից ողիմպիական խաղերուն սկսած են մասնակցիլ 1952 թուականէն: Մինչ օրս Հայաստանի 13 մարզիկներ նուաճած են ողիմպիականի ախոյեանի կոչումը, որոնցմէ 12ը՝ Խորհրդային Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ.
1952 թուական, Հելսինքիի մէջ. Հրանտ Շահինեան՝ մարմնամարզութիւն.
1956 թուական, Մելպուռն, Աւստրալիա. Վլադիմիր Ենգիբարեան՝ բռնցքամարտ, Ալբերտ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն եւ Իգոր Նովիկով՝ հնգամարտ.
1960 թուական, Հռոմ. Ալբերտ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն.
1972 թուական, Միւնիխ. Ֆաինա Մելնիկ՝ աթլէթ
1980 թուական, Մոսկուա. Եուրի Վարդանեան՝ ծանրամարտ, Էդուարդ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն.
1988 թուական, Սէուլ. Լեւոն Ջուլֆալակեան՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի, Օգսէն Միրզոյեան՝ ծանրամարտ.
1992 թուական, Պարշելոնա. Իսրայէլ Միլիտոսեան՝ ծանրամարտ, Հրաչեայ Պետիկեան՝ հրաձգութիւն, Մնացական Իսկանդարեան՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ.
1996 թուական, Աթլանթա. Արմէն Նազարեան՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ: Արմէն Նազարեան ներկայիս անկախ Հայաստանի միակ ողիմպիականի ախոյեանն է։
Այս տարուան մարզիկներուն մէջ մետալի տիրանալու յաւանականութիւն ունին յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկներ Արսէն Ջուլֆալակեանը եւ Եուրի Պատրիկէեւը, ծանրորդ Տիգրան Գ. Մարտիրոսեանը, Առաքել Միրզոյեանն ու Մելինէ Դալուզեանը: