
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- «Ժողովուրդ» թերթին համաձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան նախկին քարտուղար Արամ Սաֆարեան, որ նախորդ Ազգային ժողովին մէջ կը վարէր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահի ղեկավարի պաշտօնը, լքած է կուսակցութեան շարքերը։ Պարբերականին տուեալներուն համաձայն, Արամ Սաֆարեան Ազգային ժողովի պատգամաւորի աշխատանքի աւար-տին արդէն սառեցուցած էր իր յարաբերութիւնները Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ:
«Ու թէեւ նա պաշտօնապէս չի յայտարարել այդ մասին, բայց, ըստ էութեան, փաստացի հեռացել է ԲՀԿից ու նոյնիսկ չի այցելում կուսակցութեան գրասենեակ», գրած է թերթը: Պարբերականին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սաֆարեան չէ հաստատած եւ չէ հերքած այս տեղեկութիւնը՝ աւելցնելով, որ մինչեւ Սեպտեմբեր հարցազրոյց պիտի չտայ։
«Եւ որեւէ հարցի պատասխանելու մտադրութիւն չունեմ: Ամառային արձակուրդ է, ես հանգստանում եմ», նշած է Սաֆարեան:
4 Մայիսին ԲՀԿի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարած էր, որ կուսակցութիւնը սահմանադրական կարելիութիւններ չունի կառավարութիւն ձեւաւորելու ու իր ծրագիրները իրականացնելու համար եւ ատկէ մեկնելով նպատակայարմար չի նկատեր մասնակցիլ համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորման: