
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Այս տարի Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան պիտի նշէ իր ծննդեան 75 եւ ստեղծագործական գործունէութեան 50ամեակը: Անոր քանդակները կը զարդարեն ո՛չ միայն Երեւանը, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր ցամաքներուն մէջ գտնուող բազմաթիւ քաղաքներ:
Մայրաքաղաքին մէջ Թոքմաջեան անմահացուցած է մեր պատմութեան եւ մշակոյթի երանելի դէմքերը՝ Մարտիրոս Սարեան, Վահրամ Փափազեան, Հրանտ Մաթեւոսեան,Գէորգ Չաւուշ, Տիգրան Մեծ, Արգիշտի թագաւոր, Նոյ, Լէոնիտ Ենկիպարով, Կարապալա:
Քանդակագործը նշած է, որ ինք զգացուած է, որովհետեւ այսօր իր աւանդը կը գնահատուի պետութեան եւ հասարակութեան կողմէ: Իր յոբելեանին առթիւ ան նուէրներ ստացած է մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ Երկրապահ կամաւորական միութեան «Վազգէն Սարգսեան» մետալին արժանացած է։ Ան կ՛ափսոսայ, որ իր աւագ որդին՝ Վահէն, որ նոյնպէս քանդակագործ է, նախընտրած է տեղափոխուիլ Գանատա եւ հոն ստեղծագործել:
Թոքմաջեան իր առաջին քանդակներու կերտման համար օգտագործած է չորցած ծառերը, որոնց վրայ յօրինումներ կատարած է Երեւանի եւ Էջմիածինի մէջ: æանասէր աշխատանքին համար այն ատեն զայն անուանած են փայտփորիկ: Այսօր վարպետը, հակառակ իր տարիքին, կը շարունակէ ստեղծագործել: