ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Աշնան Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան իրանցի նշանաւոր երգչուհի Փարի Զանգանէի բարեսիրական համերգները: Այդ համերգները կազմակերպելու հարցը 25 Յուլիսին քննարկած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ու Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մոհամմատ Ռէիսին:
Մշակոյթի նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ յառաջիկային իրագործուելիք միացեալ ծրագիրներուն, որոնց ծիրին մէջ Յասմիկ Պօղոսեան կարեւոր նկատած է հայ-իրանական համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մակարդակով։ Նախարարը առաջարկած է նաեւ այս տարի իրականացնել թատերական ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ: Իր կարգին դեսպանը առաջարկած է պարսկերէնէն թարգմանել Սաատիի ստեղծագործութիւնները: