
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գագիկ Պօղոսեան 20 Յուլիսին հրապարակեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի գործիչներ Սարգիս Գէորգեանի, Դաւիթ Քիրամիջեանի, Տիգրան Առաքելեանի եւ Արտակ Կարապետեանի գործով դատավճիռը:
Տիգրան Առաքելեան դատապարտուեցաւ 6 տարուան բանտարկութեան, Արտակ Կարապետեան՝ 3, Սարգիս Գէորգեան եւ Դաւիթ Քիրամիջեան՝ 2ական տարուան բանտարկութեան։
Դատավճիռին ուժի մէջ մտնելէն ետք Արտակ Կարապետեան, Սարգիս Գէորգեան եւ Դաւիթ Քիրամիջեան պիտի բանտարկուին: Դատարանի վճիռը ներկաները ընդունեցին «ամօթ-ամօ»չ բացագանչութիւններով:
Տիգրան Առաքելեան դատարանի դահլիճին մէջ յայտարարեց, որ այս դատավճիռը երբեք նկատի պէտք չէ ունենալ, ապա դիմելով դատարանին յայտարարեց. «Դատուելու էք»:
ՀԱԿի գործիչներուն փաստաբանը՝ Ստեփան Ոսկանեան, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ դատավճիռին դէմ բողոք պիտի ներկայացնեն՝ զայն վերատեսութեան ենթարկելու պահանջով։ Անոր համաձայն, իրենց համար դատավճիռը անակնկալ էր, քանի որ մեղադրող դատախազը Դաւիթ Քիրամիջեանի համար 2 տարուան պայմանական բանտարկութիւն առաջարկած էր, սակայն դատաւորը դատապարտեց 2 տարուան ազատազրկման՝ առանց պայմանականի:
ՀՀՇի վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան իր կարգին յայտնած է, որ այս դատավճիռը մենատիրութեան դրսեւորում է, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ժողովուրդը պայքարը պիտի դադրեցնէ: «Մենք պայքարելու ենք մինչեւ վերջ», ընդգծած է ան։
Դատարանին առջեւ մեծ բազմութիւն հաւաքուած էր, մարդիկ բարձրացուցած էին պաստառներ՝ պահանջելով Տիգրան Առաքելեանի ազատ արձակումը։
Նշենք, որ 14 Յուլիսին կայացած նիստին ընթացքին մեղադրող դատախազ Յակոբ Մարտիրոսեան դատաւորէն խնդրած էր Տիգրան Առաքելեանը դատապարտել 6 տարուան, Արտակ Կարապետեանը՝ 3 տարի 6 ամսուան, իսկ Սարգիս Գէորգեանն ու Դաւիթ Քիրամիջեան՝ 2 տարուան բանտարկութեան։ Մարտիրոսեան առաջարկած էր Դաւիթ Քիրամիջեանի պատիժը պայմանականօրէն չկիրառել:
Նշենք, որ 9 Օգոստոս 2011ին «Խնկօ Ապոր» գրադարանի մօտ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր Հայ Ազգային Կոնգրեսի 7 գործիչներ։ Աւելի ուշ, երիտասարդներէն 4ի դատը ուղարկուած է դատարան, իսկ միւս երեք երիտասարդներուն դատը տակաւին կը գտնուի Հայաստանի քրէական ծառայութեան մօտ: Վեց երիտասարդները ստորագրութեամբ ազատ արձակուած էին, իսկ Տիգրան Առաքելեանը բանտարկուած կը մնար։
Ըստ ոստիկանութեան, գրադարանին մօտ դէպքը սկսած է, երբ ոստիկանները երիտասարդի մը յորդորած էին շունը պտտցնել դնչկապով, մինչդեռ երիտասարդները կը հաստատեն, որ դէպքը տեղի ունեցած է ոստիկաններուն սադրիչ գործողութիւններուն պատճառով: Անոնք նաեւ նշած էին, թէ ոստիկանները զիրենք դաժան ծեծի ենթարկած են։