ԵՐԵՒԱՆ.- «Թեր»չ.- ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ Յուլիս 23ին, ժամը 10ին, տեղի պիտի ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 5րդ փուլին բացումը, որուն պիտի մասնակցի 220 պատանի եւ պարմանուհի՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, ԱՄՆէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պելոռուսէն, Էսթոնիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Սուրիայէն:
Ծրագիրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն համար ճանաչելի դարձնել հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը, զանոնք ծանօթացնել իրենց ժողովուրդի աւանդոյթներուն եւ սովորութիւններուն, հայ ընտանիքին, հայ մարդու հոգեկերտուածքին, ինչպէս նաեւ՝ աջակցիլ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական ու կրթա-մշակութային մերձեցման: