
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը 19 Յուլիսի ժամը 21ին հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցողներուն թուային պատկերը։
Ռ. Պետրոսեանի համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցած է 72,833 ընտրող, այսինքն՝ ընտրողներուն 73.43 տոկոսը: Ստեփանակերտի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25,054 ընտրող կամ՝ ընտրողներու 68.40 տոկոսը: Ասկերանի շրջանին մէջ 9264 կամ 79.87 տոկոսը:
Հադրութի շրջանին մէջ ընտրողներուն թիւը 7136 է կամ ընտրողներուն 82.72 տոկոսը։ Մարտակերտի շրջանին մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 9904 մարդ կամ 75.14 տոկոս, Մարտունիի շրջանին մէջ՝ 12.069 կամ 70.31 տոկոսը, Շահումեանի շրջանին մէջ 1533 կամ 86.37 տոկոսը, Շուշիի շրջանին մէջ ընտրած է 2680 անձ կամ 74.26 տոկոսը, Քաշաթաղի շրջանին մէջ 4701 ընտրող կամ 77. 45 տոկոսը:
Երեւանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 492 ընտրող կամ ընդհանուր թիւին 92.31 տոկոսը:
ԿԸՅի նախագահին համաձայն, երէկ գիշեր ընտրակեդրոններուն մէջ ընթացած են քուէաթերթիկներու հաշուարկման աշխատանքները։