ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 19 Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը փակ նիստով քննարկած է սուրիահայերուն առնչուած խնդիրներ: Այս մասին «Նիուզ»ի փոխանցած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանը։ Անոր համաձայն, կարգ մը նախարարներու արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են։
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան ըսած է, որ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ՝ նախարարութեան աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ։ Անոր պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանք ապահովելու հարցերուն լուծում տալ։