ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- 19 Յուլիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ապաստան եւ գաղթականի կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացուցած են 6 սուրիահայ ընտանիքներ։
Անոր համաձայն, անոնց դիմումները աւելի արագօրէն կը քննարկուին, քան ինչ որ նախատեսուած է օրէնսդրութեամբ (30 օրուան փոխարէն դիմումները 10 օրէն կը քննուին եւ որոշում կը տրուի անոնց գծով)։ «Սիրիայից մեզ դիմել է վեց ընտանիք՝ ընդհանուր 14 անդամներով, եւ նրանց մասով որոշումն արդէն տրուել է: Դիմումների պարագայում խորացուած կամ արագացուած ուսումնասիրութիւն է կատարւում՝ պարզելու արդեօք ապաստանի խնդիր կայ, թէ մարդիկ փորձում են ապաստանի ռեժիմն օգտագործել Հայաստանում բնակուելու համար», նշած է Եգանեանը: Անոր համաձայն, գաղթականի կարգավիճակը անոնց կը տրուի առանց ժամկէտի սահմանափակման։
Մինչ այդ, դիմում ներկայացնողները կը տեղաւորուին յատուկ կացարանի մը մէջ՝ մինչեւ դիմումներու քննութեան աւարտը: Այդ կացարանին մէջ կայ 41 մահճակալ, գաղթականութեան գործակալութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունի նաեւ Դարբնիկ աւանի շէնքը՝ 12-13 ազատ սենեակներով: Այսինքն եթէ ապաստան ուզողներուն թիւը բարձրանայ, այն ատեն գաղթականութեան ծառայութիւնը ի վիճակի պիտի չըլլայ անոնց կացարաններ տրամադրելու եւ պիտի դիմէ այլ պետական մարմիններու աջակցութեան:
Եգանեան նշած է, որ եթէ գաղթականներու մեծ հոսք կատարուի, այն ատեն կայ նաեւ պետութիւններու միջեւ բաշխելու սկզբունքը, ինչպէս տեղի ունեցած էր Պալքանեան ճգնաժամի ընթացքին: ՄԱԿի գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը նոյնպէս մասնագիտացած է նման հարցերու մէջ, ուստի ան եւս կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել: Գ. Եգանեան յիշեցուցած է, որ Իրաքի դէպքերուն ընթացքին աւելի քան հազար անձ դիմած էր՝ ապաստան ստանալու խնդրանքով, 2006ին լիբանանեան-իսրայէլեան հակամարտութեան ատեն 200է աւելի նման դիմում ներկայացուած էր երկու կողմերէն: Բոլոր դիմումներուն ալ դրական արձագանգ կատարուած էր։