ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատի տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի նախատեսուած է կայացնել Հոկտեմբեր 28ին՝ պատմական վայր նկատուող «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկի սրահին մէջ:
Ճաշկերոյթի յայտագիրի պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է: Յայտնի է, որ այս տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբը կը պատուէ հայ համայնքին, հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատին նպաստած անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկի մասնակցողներու շարքին պիտի ըլլան հասարակութեան մէջ ազդեցիկ անձնաւորութիւններ ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Անցեալ տարուան ճաշկերոյթին, Հայ Դատի յանձնախումբը պատուեց Ամերիկայի բանակին մէջ ծառայած զինուորներ, Ամերիկայի նախագահներու համար ճառեր գրող Քենեթ Խաչիկեանը, Քոնկրեսի անդամ Էտ Ռոյսը, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Անթընի Փորթանթինօն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, բռնցքամարտիկ Վիք Դարջինեանը եւ բարերար Յակոբ Պաղտասարեանը: