ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ–ատրպէյճանական հանդիպման գիծին վրայ՝ հիւսիս արեւելեան հատուածին մէջ, Այգեձոր գիւղի մերձակայքը գտնուող չէզոք գօտիին մէջ յայտնաբերուած է ատրպէյճանական բանակի զինուոր Օրուճով Էլչին Ռակուֆ Օղլուի դիակը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած այս տեղեկութիւնը, զայն նկատած է ատրպէյճանական կողմի արկածախնդրութեան հետեւանք:
«Եւ փաստը, որ ատրպէյճանցի զինծառայողը յայտնուել է մեր դիրքապահների հսկողութեան գօտում, վկայում է հէնց այդ մասին: Հայ դիրքապահների զգօնութեան շնորհիւ ատրպէյճանական զինուորական ղեկավարութեան, կամ, ինչու չէ, անհատ զինծառայողի ձեռնարկած այս սադրանքը եւս ձախողուել է: Սահմանախախտը մեր դիրքապահների կողմից յայտնաբերուել եւ թիրախաւորուել է: Ըստ երեւոյթին, վերջինս վիրաւորուել է հայ դիրքապահների ձեռնարկած գործողութիւնների արդիւնքում եւ փորձել է նահանջել սեփական դիրքեր, սակայն չի կարողացել դուրս գալ չէզոք գօտուց: Ամէն դէպքում այս միջադէպի պատասխանատուութիւնն ամբողջովին կրում է հարեւան երկրի ռազմական գերատեսչութիւնը», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ :