ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին մէջ այս տարի մեծ թիւով թափուր աթոռներ կար: Ներկայ դրութեամբ երիտասարդները հիմնականին մէջ կ՛ընտրեն ոչ թէ շուկայի մէջ պահանջուող, այլ «էլիտար» մասնագիտութիւններ: 18 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնեց ԵՊՀ «Երիտասարդ համալսարանականների միաւորման» նախագահ Գէորգ Մելքոնեան, որ աւելցուց, թէ այսօր Հայաստանի աշխատանքային շուկային մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկման ոլորտի մասնագէտներու մեծ պահանջք կայ: «Ինչպէս նաեւ աղանդների դէմ պայքարի համար խիստ կարիք ունենք աստուածաբանների: Ես պարզապէս կոչ եմ անում մասնագիտութիւն ընտրելիս չհիմնուել միայն նախասիրութեան վրայ», նշեց միաւորման նախագահը:
Անոր տուեալներուն համաձայն, այսօր համալսարանաւարտներուն 84 առ հարիւրը իր մասնագիտութեամբ չ՛աշխատիր, իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ ուսանողները շատ աւելի աշխոյժ են ընկերային ցանցերուն մէջ, քան՝ հասարակական նախաձեռնութիւններուն:
«Երիտասարդ համալսարանականների միաւորում»ի ներկայ նպատակն է օգնել երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք ընտրեն այնպիսի մասնագիտութիւն մը, որ աւելի հեռանկարային է աշխատանք գտնելու առումով։ «Մենք ուսումնասիրում ենք աշխատաշուկան եւ ըստ պահանջարկի էլ խորհուրդ տալիս ընդունուել համապատասխան ֆակուլտետ», յայտնեց Մելքոնեան: Տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելով, ինչպէս նաեւ սեփական միջոցներով, երիտասարդ համալսարանականները Հայաստանի մարզերուն մէջ բարեսիրական նախաձեռնութիւններ կազմակերպած են՝ ընկերային իմաստով անապահով եւ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն օգնութիւն տրամադրելով, նաեւ օժանդակելու ընտանիքներու զաւակներու կրթաթոշակները վճարելու։ «Յուլիսի 20ից արդէն կը մեկնարկի բանակային ծրագրի երկրորդ փուլը, որի ընթացքում կ՛այցելենք Հայաստանի եւ Արցախի զօրամասեր եւ այնտեղ կը կազմակերպենք ռազմահայրենասիրական համերգներ: Նաեւ կը պարգեւատրենք այն համալսարանականներին եւ սպաներին, ովքեր ծառայութեան ընթացքում իրենց լաւագոյն կողմերով են դրսեւորել», նշեց ան:
Նշենք, որ «Երիտասարդ համալսարանականների միաւորում»ը աշխատանք կը տանի շուրջ երեք տարիէ ի վեր եւ արդէն ունի հազար երկու հարիւր անդամ: