ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿի գլխաւոր նիստին ընթացքին։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, այս մասին յայտարարած է նախարար Մամետեարով՝ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Սիքորսքիի հետ Պաքուի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Անոր համաձայն, մինչ այդ տեղի պիտի ունենայ առանձին բանակցութիւններ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Այդ հանդիպումներուն թուականներն ու վայրերը տակաւին յստակ չեն։ Մամետեարով նշած է, որ անոնք տեղի պիտի ունենան տարբեր թուականներու եւ Եւրոպական քաղաքներու մէջ։