
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ճատրակի միջազգային դաշնակ-ցութեան՝ ՖԻՏԷի, մարզիչներու խորհուրդը Արշակ Պետրոսեանը նկատած է նախորդ տարուան լաւագոյն մարզիչը եւ անոր տուած է Միխայիլ Պոթուիննիկի անուան շքանշանը:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորած Հայաստանի ճատրակի խումբը, Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ նուաճեց աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Պետրոսեանը երկրորդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ աշխարհի լաւագոյն մարզիչ: Ան Միխայիլ Պոթուիննիկի անուան մետալ ստացած էր 2008 թուականին, երբ Հայաստանի խումբը տիրացաւ համաշխարհային ողիմպիականի ախոյեանութեան։