ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մանուկներու մօտ քմահաճոյքը շեշտուած կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ ծնողքը վարժեցուցած կ՛ըլլայ միշտ կատարել անոնց կամքը: Ասոնք նաեւ դժուարահաճ կ՛ըլլան, եւ ինչքան յառաջանան տարիքի մէջ, այնքան աւելի դժուար կ՛ըլլայ զիրենք համոզել այս կամ այն գաղափարին շուրջ: Ճիշդ ասոր համար, աշուղական իմաստութիւնը «ապտակով սնուած» երեխան կը գովէ, որ անպայման փայլուն ապագայ կ՛ունենայ: Այսօրուան մանկավարժութեան համար խորթ թուացող «ապտակ»ը, անպայման ֆիզիքական հարուածը չի՛ նշանակեր, այլ՝ այնպիսի դաստիարակութիւն, որ գիտէ երբ «ո՛»չ ըսել մանուկին, եւ ստիպել անոր՝ ետ կենալ իր մանկական որոշումներէն:
Կ՛ըսուի, թէ շատ բարեհաճ մայրը, երեխան սնուցանելու խղճամիտ մօտեցումով, ծառայի դեր ստանձնած էր տան մէջ: Ամէնէն հռչակաւոր բանաստեղծներն ալ, մայրական սէրն ու գուրգուրանքը գովերգած ժամանակ, երբեմն տան համեստ ծառան տեսած են իրենց մօր կերպարին մէջ: Ատիկա բնաւ նուաստացում չէ՛ մօր դիրքին, այլ՝ անոր սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնը, երբ իր տան ու զաւակներուն համար մինչեւ իսկ ծառայի կերպարանք կը ստանայ, պահելու համար իր ընտանիքը: Մէկ խօսքով, մայրը տան մէջ ամէն դժուարութեան բանալին է, հարցերը հարթողն է, ընտանիքի անդամներուն համար դիւրութիւններ ստեղծողն է, սկսեալ սնունդի հարցէն, մինչեւ երբեմն տնտեսական խնդիրները:
Վերոյիշեալ մայրը, իր երեխային նկատմամբ չափազանցուած խնամքով, անոր շուրջ կը դառնար, հրահանգները կատարելով: Պարզապէս անոնց դերերը փոխուած էին, մայրը դարձած էր կատարողը հրահանգներուն, իսկ անչափահաս երեխան՝ հրահանգողը…: Ճաշի ժամը գալուն, երբ մայրը կը խնդրէ որ անպայման ուտէ երեխան, ան կը սկսի ճաշատեսակները հարցնել, մէկը հաւնիլ, միւսը՝ մերժել, մինչեւ որ կ՛որոշէ միայն մածուն ուտել:
Նստասենեակին մէջ, հեռատեսիլին դիմաց համակարգչային խաղեր խաղացող շփացած այդ մանուկին կամքը կատարելու համար, մայրը ներքեւի յարկը գտնուող խոհանոցէն կը բերէ թարմ մածունի կոյժը, դգալով ու հացով միասին: Երեխան տեսնելով որ կատարուեցաւ իր հրահանգը, կ՛ըսէ թէ հիմա ալ անուշ կ՛ուզէ, որպէսզի ատոնք իրարու խառուած ուտէ: Մայրը դարձեալ վար իջնելով, անուշի շիշը կը բերէ: Տղան կը հրահանգէ որ մայրը իրարու խառնէ մածունն ու անուշը: Այս հրահանգն ալ կատարուելէն ետք, երեխան որ մինչ այդ իր խաղով տարուած էր, կը տեսնէ թէ այդ ալ եղաւ, հիմա դառնալով մօրը կ՛ըսէ.
_ Չէ՛, խառնուած չե՛մ ուզեր: Հիմա զատէ իրարմէ, որպէսզի ուտեմ:
Ահաւասիկ թէ ինչպէս կը դժուարացնեն հարցը, մինչեւ որ անկարելի դառնայ: Կարելի՞ է արդեօք իրարու խառնուած մածունն ու անուշը զտել իրարմէ…:
Ասիկա մանուկներու կեանքէն քաղուած պատկեր էր, սակայն չափահասներու կեանքը այդքան ալ չի՛ տարբերիր անոնցմէ: Ոմանք դաստիարակութեան պակասի հետեւանքով, ճիշդ այդ մանուկին նման կը դժուարացնեն ուրիշներուն կեանքը:
Ասիկա շեշտուած երեւոյթ է յաճախ իրենց գործը սուղի ծախող արհեստաւորներուն մօտ: Երբ յատկապէս ապսպրանք պիտի կատարուի այս կամ այն գործիքը պատրաստելու համար, ամէնէն հնարագէտ ու ճարտարարուեստի մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող մարդն ալ, կը սկսի խորհրդածութիւններ կատարելու շինուելիք գործիքին մասին: Երբեմն մէկէ աւելի հանդիպումներու կը հրաւիրէ պատուիրատուն, հոս ու հոն կ՛ուղարկէ զայն, իբրեւ թէ օրինակներ բերելու համար: Մէկ խօսքով գործը դժուարացնելու կը սկսի: Թերեւս իր միտքին մէջ շատ յստակ է գործը, ու գիտէ թէ ուրկէ՞ պիտի սկսի եւ ինչպէ՞ս աւարտէ զանիկա: Բայց «գործին օրէնքը» կ՛ըսէ, թէ անպայման պէտք է դժուարացնել գործը, նախ՝ աւելի՛ դրամ շահելու համար, եւ երկրորդ՝ շինուելիք գործիքին սկզբնատպութեան իրաւունքը վերապահելու համար, որպէսզի հաւանական նոր ապսպրանքներ միայն իրենց հաստատութեան կատարուին ապագային:
Գործը դժուարացնելու նոյն մօտեցումը կÿերեւի նաեւ արուեստի աշխարհէն ներս, մանաւանդ երբ ապսպրանքի հիման վրայ պիտի ստեղծագործէ արուեստագէտը: Իսկ երբ յղացքը իր միտքին մէջ ծնած է եւ իբրեւ պոռթկում կÿարտայայտուի կտաւի, մետաղի կամ քարի վրայ, շատ հեզասահ կ՛ընթանայ ստեղծագործութիւնը: Սակայն ատիկա նոյն հեշտ ճանապարհը չ՛ունենար ապսպարուած գործի պարագային:
Նոյն երեւոյթին կը հանդիպինք նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, տնօրէններու կամ պատասխանատուներու պարագային, երբ դիմողներ կան գործի ընդունուելու եւ կամ այլ խնդրանքով իրենց մօտ հասած: Այս պարագային իրենց գործին կարեւորութիւնը շեշտելու միտում կ՛ըլլայ անոնց մօտ: Իսկ դիմողներ, մանաւանդ երբ որեւէ ծանօթութիւն չունին այդ անձնաւորութեան հետ, ինչքան ալ իրենց մասնագիտութեան տիրացած ըլլալու ինքնավստահութիւնը ունենան, դարձեալ կը տատամսին, ու նուազագոյն յոյսով կը ներկայանան քննական հարցազրոյցին:
Գրութեանցս մէջ յաճախ յիշուող անանուն ծերունին, որ փորձառութեան ամբողջ պարկը ուսերուն հեռացաւ այս կեանքէն շուրջ հարիւրամեայ տարիքին, միշտ կը յիշեցնէր ինծի ըսելով.
_ Գործդ սուղի մի՛ ծախեր, այլապէս դո՛ւն կ՛աժաննաս:
Ալեհեր մարդը ըսել կ՛ուզէր, թէ երբ տեսնեն գործը դժուարացնելդ, ուրիշը կը գտնեն քու փոխարէնդ, եւ անոր կու տան գործը…:
Տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ գործը դժուարացնել սիրողներ միշտ ծայրայեղականներ կ՛ըլլան: Այսինքն՝ իրենց ըսածին վրայ պնդելու մէջ, մինչեւ վերջ կ՛երթան, այնքան, որ դիմողին այնպէս կը թուի թէ անկարելի է այդ մարդուն հետ աշխատիլը:
Սկիզբը յիշած մանուկիս պարագային, եթէ անոր խնամատարը մայրը չըլլար, այլ՝ սպասուհին, թերեւս այնպէս թուէր վերջնոյս, թէ այդ մանուկին հետ լեզու գտնելը անկարելի է: Որովհետեւ անիկա ամէն բանի պատճառաբանութիւն կը ներկայացնէր, մինչեւ որ մածունն ու անուշը իրարմէ զտելու անկարելիութեան դիմաց դրաւ մօրը:
Վերոյիշեալ միւս անձերն ալ, «այսպէս չըլլար, այնպէս չըլլար» ըսելով, իրենցմէ ապսպարանք կատարողը կը դնեն անկարելիութեան դիմաց, որպէսզի փրկիչի հանգամանքով յանկարծ յայտնուին, ու միակ ճարը դառնան կացութեան…:
Ասիկա ճանչցուած ճարպիկութիւն է, որ շատ աժան գին ունի, համաձայն վերոյիշեալ ալեւոր ծերունիին: Շուտով կարելի է մէկդի շպրտել ինքզինք սուղի ծախողը, որովհետեւ մարդիկ ճիշդ է որ տարբեր շնորհքներով ծնած կ՛ըլլան, սակայն իրենց ունեցած շնորհքներով կրնան արժեւորել իրենք իրենց անձը: Այսինքն՝ պայման չէ՛ որ անպայման քու շնորհքէդ ունենան արժեւորուելու համար շրջապատէն: Մէկը ա՛յս շնորհքը կ՛ունենայ, միւսը՝ այն: Մէկը քիչ, միւսը՝ շատ: Կարեւորը՝ շնորհքը արծածելն է, մարդոց բարիքին համար:
Մի՛ դժուարացներ գործդ մինչեւ անկարելիութիւն, եթէ կ՛ուզես յաջողիլ: Որովհետեւ անկարելիութենէն ետ դառնալը, ինչքան ալ փրկիչի վերարկու նետես ուսերուդ՝ դժուար պիտի ըլլայ:
Պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը միշտ յաղթական եղած են այս կեանքի մէջ: