ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Առաջին անգամ ըլլալով է, որ անուղղակիօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բողոք մը կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանին։ 2003 թուականէն՝ դատավարութիւնը սկսելէն ի վեր, տարբեր դաշնակցային դատարաններ հակասական դիրքորոշումներ որդեգրեցին այս հարցին նկատմամբ։
Կը ներկայացնենք ամփոփ անդրադարձը այս դատին։ 2000 թուականին Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը որդեգրեց օրէնք մը (Քալիֆորնիոյ քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքի 354.4 յօդուածով), որուն համաձայն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն կամ անոնց ժառանգորդներուն կողմէ՝ 1875-1923 թուականներուն Օսմանեան կայս-րութեան մէջ ապրողներուն ապահովագրութեան առնչուած պահանջներ ներկայացնելու ժամկէտը նախ երկարաձգուեցաւ 2010 թուականի, ապա՝ 2016ի։
Դեկտեմբեր 2003ին Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող քանի մը հայ պահանջատէրներ խմբային դիմում ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանին՝ ընդդէմ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն, որոնք կը մերժեն վճարել Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող իրենց նախնիներուն ապահովագրութեան հասոյթները։ Թուրքիոյ կառավարութեան աջակցութիւնը վայելող գերմանական ընկերութիւնները այս դիմումներուն գծով առարկութիւն ներկայացուցին եւ փորձեցին այս թղթածրարին բացուիլը ձախողեցնել։ Անոնք դիտել տուին, որ դատավարութիւնը թոյլատրող Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնքը հակասահմանադրական է, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարելը կը հակասէ նման հարցերու գծով դաշնակցային կառավարութեան քաղաքականութեան։
Երբ 6 Յունիս 2007ին դաշնակցային շրջանի դատարանը մերժեց ապահովագրական ընկերութիւններու պահանջքը, անոնք վերաքննութեան պահանջով դիմեցին երեք դաշնակցային դատաւորներէ կազմուած զրուցախումբով գործող Իններոդ շրջանի դատարանին։ 20 Օգոստոս 2009ին 2 թեր, մէկ դէմ ձայներով դատաւորները վճռեցին, որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը կը հակասէ Գործադիր մարմինի արտաքին քաղաքականութեան մենաշնորհային իրաւասութեան։ Հայ պահանջատէրները աւելի ուշ խնդրեցին, որ երեք դատաւորներէ կազմուած դատարանը կրկին այս դատին մասին լսումներ կատարէ։ 10 Դեկտեմբեր 2010ին դատաւորներուն մեծամասնութիւնը վճռեց, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրութիւնը չի խախտեր արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքը։
Իրադարձութիւններու այդ ընթացքէն դժգոհ գերմանական ընկերութիւնները վերաքննութիւն պահանջեցին Իններորդ շրջանի դատարանին ամբողջ կազմին կողմէ։ 23 Փետրուար 2012ին 12 դաշնակցային դատաւորներու կազմը միաձայնութիւն կայացուց այն մասին, որ Քալիֆոնիոյ օրէնքը հակասահմանադրական է, որովհետեւ «կը խոչընդոտէ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան իրաւասութեան»։ Հիմք ունենալով հազուադէպօրէն կիրարկուող «մենաշնորհեալ բնագաւառ»ի սկզբունքը՝ դատաւորները վճռեցին, որ 354.4 յօդուածը հակասահմանադրական է ո՛չ թէ այն պատճառով, որ անիկա կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան գործունէութեան, այլ անոր համար, որ կ՛առնչուի դաշնակցային բացառիկ պատասխանատուութեան մէկ բնագաւառին, յատկապէս՝ արտաքին յարաբերութիւններուն։
22 Յունիս 2012ին «Փոլ Հեսթինկզ» ընկերութենէն Իկոր Թիմոֆիեւ՝ դատ ներկայացնող հայերուն պաշտպանը, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանէն խնդրեց վերանայիլ դատը։ Ան իր պահանջը պատճառաբանեց անով, որ ասիկա «լաւագոյն միջոցն է արտաքին գործերու նախապատուութեան սկզբունքը յստակացնելու», եւ որ «Իններորդ շրջանին կողմէ այս բնագաւառի նախապատուութեան սկզ-բունքի անհիմն ընդհանրացումը… կը վտանգէ նահանգային իրաւասութեան աւանդական բնագաւառներուն վերաբերող նահանգներու բազմաթիւ օրէնքներ»։ Յղում կատարելով Քոնկրեսին եւ Գործադիր մարմինին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման սատարող յայտարարութիւններուն՝ Թիմոֆիեւ մատնանշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ո՛չ միայն չ՛առարկեր տարիներ շարունակ տարբեր նահանգներու կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն, այլ նաեւ խորքին մէջ կ՛ողջունէ զանոնք, ինչպէս ըրաւ նախագահ Օպամա 24 Ապրիլ 2012ի իր յայտարարութեան մէջ։
Միւս կողմէ, այլ դատի մը գծով Գերագոյն դատարանի վճիռը հաւանաբար կը նպաստէ հայկական պահանջքի հեռանկարներուն։ Թիմոֆիեւի կողմէ դիմումի ներկայացումէն քանի մը օր ետք Գերագոյն դատարանը կայացուց Արիզոնայի օրէնսդրութեան վերաբերեալ վճիռ մը, որ կ՛առնչուի ապօրինի ներգաղթողներուն։ Արիզոնայի դատը կը բարձրացնէ այն հարցը, որ կիզակէտն է Իններորդ շրջանի դատարանին կողմէ հայ ապահովագրեալներու վերաբերեալ որոշումին, յատկապէս լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն, որ նահանգ մը կրնա՞յ անուղղակիօրէն ազդել արտաքին յարաբերութիւններու որոշ հարցերուն վրայ, արդեօք ենթակա՞յ է «բնագաւառի նախապատուութեան սկզբունքին»՝ նոյնիսկ տուեալ հարցին մէջ դաշնակցային գործունէութեան բացակայութեան պարագային։
Արիզոնայի դատով որոշում կայացնելու ընթացքին քանի մը դատաւորներ նկատել տուին, թէ Արիզոնայի օրէնսդրութեան մէջ չկայ նախապատուութեան խնդիր։ Նոյնիսկ դատաւորներուն մեծամասնութիւնը, որ յայտնեց, թէ Արիզոնային օրէնսդրութեան պարագային որոշ նախապատուութեան հարց կայ, հաստատեցին, որ այդ մէկը շատ սահմանափակ է։ Դատարանը որոշեց, որ, թէեւ նահանգները չեն կրնար գործել այդ բնագաւառին մէջ, ուր դաշնակցային կառավարութիւնը ունի «ամբողջական», «միասնական եւ համապարփակ» կառավարման համակարգ, բայց եւ այնպէս անոնք կրնան այդպէս վերաբերիլ այն պարագաներուն, երբ դաշնակցային կառավարութիւնը արտայայտած է միայն «մասնակի մտահոգութիւն» կամ «ոչինչ կատարած է թելադրելու», որ նահանգներու կողմէ նման վարուելակերպ «նպատակայարմար չէ»։
Այս հաստատումները կը հայթայթեն ուժեղ հիմնաւորումներ՝ Իններորդ շրջանի կողմէ հայկական ապահովագրական պահանջներուն վերաբերեալ ընդունուած որոշումը փոխելու։ Այդ կէտը անկասկած պիտի առաջադրուի հայցուորներուն կողմէ՝ Գերագոյն դատարանին մէջ, նաեւ տեղ պիտի գտնէ Հայ իրաւաբաններու միութեան եւ այլոց կողմէ ներկայացուած աջակցական դիմումներուն մէջ։
Այս դատավարութիւնը հիմնականին մէջ կը վերաբերի վաւերական ապահովագրական պահանջները չվճարելուն, եւ ոչ թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Գերմանական ապահովագրական ընկերութիւնները անամօթաբար կը շահագործեն Ցեղասպանութեան հարցը՝ պարզապէս խուսափելու համար ապահովագրական պահանջ ունեցողներուն երկար ատենէ ուշացուած ապահովագրութիւններուն վճարումները կատարելէ։
Ներկայիս յայտնի չէ, թէ արդեօք Գերագոյն դատարանը պիտի քննէ՞ այս բողոքը, քանի որ այդ մարմինը տարեկան դրութեամբ շատ քիչ թիւով դատեր վերաքննելու համաձայնութիւն կու տայ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ