(Երբ Հ.Հ. նախագահի մեծահարուստ կուսակիցին թիկնապահները ծեծի տակ կը սպաննեն զինուորական հիւանդանոցի բժիշկը)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ողբերգութիւնը դեռ աւարտած չէ, բայց բժիշկ Վահէ Աւետեան արդէն ոչ եւս է։
Զոհ մը եւս աւելցաւ երկար ցանկին վրայ մեր ժողովուրդի այն դժբախտ զաւակներուն, որոնք հաւատացին եւ ուզեցին ապրիլ այն ինքնավստահութեամբ, որ հայրենի հողի վրայ եւ սեփական պետութեան մէջ ի վիճակի են տանտիրոջ օրէնքով՝ իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով բարձրաճակատ քալելու…
Վերջին դժբախտը եղաւ զինուորական հիւանդանոցի 35ամեայ վիրաբուժը, որ փաստօրէն զոհ գնաց այն պատրանքին, թէ վերանկախացեալ մեր երկրին մէջ եւ որոշապէս Սերժ Սարգսեանի նախագահական իշխանութեան օրով՝ արդէն հաստատուած են քաղաքացիական հասարակութիւն, իրաւական պետութիւն եւ ժողովրդավարական կառավարում։
Հակառակ հանրային ծառայութեան իր ասպարէզին հետ եկող փորձառութեան, ողբացեալ բժիշկը ըստ երեւոյթին չուզեց հաւատալ, թէ ազատ ու անկախ մեր երկրին ու պետութեան մէջ աճեցուցած ենք քաղաքական կառավարման խաթարուած համակարգ մը, որ էապէս կը ծառայէ օրինաւոր թէ ստուերային իշխանաւորներու առանձնաշնորհումները ամէն գնով պաշտպանելու, այլեւ ամրապնդելու նպատակին։
Իր կեանքին գնով ողբացեալը եկաւ ակամայ վկան դառնալու այն դառն ու դաժան ճշմարտութեան, որ թոյլատրած ենք արմատաւորումը գլուխէն հոտած կառավարման համակարգի մը, որ ինքզինք վերարտադրելու եւ յառաջ շարժելու ապշեցուցիչ ներուժ ունի՝ նմանակումներու եւ կեղծ յարդարանքի միջոցաւ «օրինական դրօշակիր»ը դառնալու… ազատութեան եւ իրաւահաւասարութեան, անկախութեան եւ արդարութեան ժողովրդավարական անփոխարինելի արժէքներուն։
Դժբախտութիւնը ա՛յն է, որ թէեւ ժողովրդային իմաստութեամբ կը պնդենք, թէ «ձուկը գլուխէն կը հոտի», այդուհանդերձ՝ կը շարունակենք կուլ տալ պետական միջոցներու անհաշիւ չարաշահումով իշխանութեան վերեւներէն հրամցուող քարոզչական այն չքմեղանքները, թէ՝ իբր ամէնուրեք – եւ մինչեւ իսկ ամէնէն ժողովրդավարական պետութեանց մէջ անգամ – կը պատահին իշխանութեան ու հանգամանքի չարաշահումներ, որոնք նաեւ կը յանգին նման… ողբերգութեանց։
Աւելի՛ն. նոյնիսկ հետեւողական քարոզչութիւն կը կատարուի՝ հանրային կարծիքը մատնելու համար այն թիւրիմացութեան, թէ թշնամիներով շրջափակուած եւ պատերազմական սպառնալիք դիմագրաւող մեր երկրի պարագային, համեմատաբար ուրիշներուն եւ յատկապէս մեր դրացիներուն, քաղաքական խաթարուածութիւնը նախ մեր մօտ այնքան ալ արմատաւորուած ու անյաղթահարելի չէ, ապա՝ ունինք նախագահական իշխանութիւն մը, որ իբր մաքուր ձեռքերով կառավարման դրօշակիրն է եղեր եւ, իբրեւ թէ, իր առաջնահերթ օրակարգը դարձուցած է «անհաշտ պայքարը»՝ անցեալէն ժառանգուած կամ հասարակափոխութեան հետ նորովի աճած այսօրինակ չարիքներուն դէմ։
Այս իմաստով է, որ բժիշկ Աւետեանի սպանութեան ողբերգական գայթակղութիւնը թէեւ իր զոհը խլած է, բայց դեռ չէ ամբողջացած։
Սկսած է ողբերգութեան երկրորդ արարը, ուր խաթարուած կառավարման համակարգին գլխաւո՛ր պատասխանատուն՝ նախագահական իշխանութիւնը կը փորձէ «բարի վարուց վկայագիր» շահիլ դժբախտութեան հաշւոյն՝ իրաւական եւ արդարադատ ղեկավարման նմանակումի կեղծիքը յառաջ մղելով։
Հանրապետութեան նախագահը իր քով կանչած է յանցագործ թիկնապահներուն «գործատէր»ը՝ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Ռուբէն Հայրապետեանը, որ հանդիպման աւարտին «կամաւորաբար» հրաժարած է խորհրդարանականի իր անձեռնմխելիութենէն։
Այսինքն՝ հանրապետութեան նախագահը նախանձախնդիր է, որպէսզի ոեւէ մէկը ինքզինք օրէնքէն վեր չդասէ. նոյնիսկ Ազգային Ժողովի անդամը պարտի՛ հաշուետու ըլլալ օրէնքին առջեւ, որպէսզի արդարադատութեան համակարգը իր առաքելութիւնը անխափան կատարէ։
Պարզ է ու հասկնալի ընտրուած բեմագրութիւնը.–
Նախ՝ «Նեմեց Ռուբօ»ն (քաղաքական փողոցի վրայ այդ անուանումով հանրածանօթ է Ռուբէն Հայրապետեանը) շահաւոր դուրս կու գայ իր թիկնապահներուն գործած ոճիրէն, հաշուետու ներկայանալու եւ իր անձը օրէնքի «անաչառութեան» տակ դնելու «բարենիշ»ը ստանալով…
Արդէն հրաժարման յայտարարութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի հասարակ մահկանացուներս կարեկցանքով նայինք մարդասպան թիկնապահներ պահող «օլիկարխ»ին, որ այնքան խոր ցաւ կ՛ապրի եղեր, որովհետեւ ոճիրի պահուն հոն չէ գտնուած, որպէսզի բռնէ մարդասպան ձեռքը եւ կանխէ Վահէ Աւետեանի մահը…
Իսկ ի՞նչ գին վճարելով…
Նախընթացներէն դատելով՝ կարելի է նախատեսել, որ թիկնապահներէն մէկը կամ միւսը օրէնքի դատաստանին «կ՛ընծայաբերուին» եւ, ի հարկին, երկարատեւ բանտարկութեան ծանր պատիժի կ՛ենթարկուին… բայց անշուշտ մինչեւ այն օրը, երբ մարդոց յիշողութեան մէջ մոռացութեան փոշին գայ ու ծածկէ եղածը եւ մեղաւորը/մեղաւորները օր մը… «սուս ու փուս» ազատ արձակուին։
Ապա՝ հանրապետութեան նախագահը շօշափելի օրինակ մը տուած պիտի ըլլայ «կոռուպցիա»յի դէմ պայքարելու իր պատրաստակամութեան, որուն համար անկասկած պիտի շահի ընտրազանգուածի որոշ մասին վստահութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց սեմին։
Իր պաշտօնավարութեան աւարտին գտնուող, բայց արդէն յաջորդ հինգ տարիներուն ալ երկրի ղեկին կանգնելու ինքնավստահութեամբ քալող ներկայ նախագահին «անաչառութեան» գովքն ալ կրնան հիւսել՝ քարոզելով, թէ ի վերջոյ աւելի ի՞նչ կրնայ ընել հանրապետութեան նախագահ մը։ Չէ՞ որ օրէնքի դատաստանին ահա՛ կը յանձնէ իր կուսակիցն ու մերձաւորը՝ անոր անձեռնմխելիութեան վերջ տալով եւ օրէնքի իշխանութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու առաջին օրինակը անձամբ ինք տալով։
Բայց այդ բոլորը ըստ ամենայնի մաս կը կազմեն պարզապէս նմանակումի բեմագրութեան։
Օրէնքի իշխանութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու իրենց քայլերուն համար «բարենիշ» կը հայցեն միայն այն իշխանաւորները, որոնց պաշտօնավարութիւնը ընդհանրապէս կը բնորոշուի օրէնքի հասողութենէն դուրս գտնուելու, մինչեւ իսկ նոյնինքն օրէնքը մարմնաւորելու յաւակնութեամբ եւ վարքագծով։
Հանրապետութեան նախագահ մը պարզապէս իր պարտականութիւնը կը կատարէ՝ օրէնքի իշխանութեան հանդէպ յարգանք պարտադրելով անխտիր բոլորին, յատկապէս «իւրայիններուն», սկսելով իր անձէն ու անմիջական պարագաներէն։
Այդ առումով ալ «Հարսնաքար» համալիրին մէջ գործուած աններելի ոճրագործութեան դէմ յանդիման՝ հանրապետութեան նախագահէն կը սպասուէր շատ աւելին, քան Ռուբէն Հայրապետեանի անձեռնմխելիութեան «կամաւոր» դադրեցումն է…
Տակաւին ալ կը սպասուի հանրապետութեան նախագահէն, որ սկսելով իր «պալատական» անմիջական շրջանակէն եւ հասնելով «օլիկարխ»ներու վերնախաւային որջին՝ բոլոր առանձնաշնորհեալներն ու անձեռնմխելիները հաշուետու դարձնէ օրէնքով հաստատուած վերահսկող մարմնի, որ միայն օրէնքով պիտի առաջնորդուի եւ ոչ թէ կառավարող իշխանութեան, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ հանրապետութեան նախագահի «ցուցմունքով»։
Միայն նման իշխանութեան մը առկայութեան պայմաններուն մէջ կարելի է կանխել «Հարսնաքար»ի ողբերգութեան օրինակով դժբախտութիւնները։
Օրինական թէ ստուերային իշխանաւորներուն դէմ գլուխ բարձրացնողները թիկնապահներու բիրտ ուժով կը պատժուին, մինչեւ իսկ կը սպաննուին միայն անտառի օրէնքով՝ ուժեղի հաստատած «իրաւունքով» առաջնորդուող կառավարման համակարգերուն մէջ։
Հայաստանի մէջ տակաւին իշխող անտառի օրէնքին վերջ տալու համար է, որ կը դրուի համակարգային արմատական բարեփոխումներու սուր պահանջը։
Վահէ Աւետեան վերջին զոհը եղաւ իշխանաւոր վերնախաւին առանձնաշնորհեալ եւ անձեռնմխելի դիրքերը «պահպանող» արատաւոր համակարգին։
Իսկ Ռուբէն Հայրապետեանի անձեռնմխելիութենէն «կամաւոր» հրաժարումը վերջին հեգնական ապտակն է, որ կը տրուի քաղաքացիական հասարակութեան, իրաւական պետութեան եւ ժողովրդավարական կառավարման սպասողներու երեսին։
Եւ արդարացում չէ, որեւէ՛ պարագայի, որ ամէն տեղ ալ կը պատահին նման ապօրինութիւններ եւ դժբախտութիւններ։