ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Յունիս 24ին տեղի ունեցաւ «Մաշտոց» քոլեճի 2011-2012 տարեշրջանի վկայականներու բաշխման հանդէսը:
Հանդիսավարն էր քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, որ շեշտեց կրթական այս հաստատութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը՝ ամերիկահայութեան կեանքին մէջ:
Անձնակազմին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանը, որ շնորհաւորեց շրջնաւարտները եւ կոչ ըրաւ համայնքին, որ նեցուկ կանգնի այս իւրայատուկ հաստատութեան:
Շրջանաւարտներու խօսքը փոխանցեց Անի Եափունճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի հոգաբարձութեան եւ անձնակազմին, որոնց նուիրումին շնորհիւ ամերիկահայութեան առջեւ բացուած է կրթական նոր կարելիութիւններ:
Ապա «նախագահին խօսքը» փոխանցեց դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ յիշեցուց, թէ 1992էն ի վեր քոլեճը տուած է աւելիք քան 5000 շրջանաւարտ: Այս տարի նաեւ հայագիտութեան մէջ պսակաւոր արուեստից երկու վկայականներ յանձնուեցան: