Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի (USC) Հայկական Երաժշտութեան Բարեկամներ ընկերակցութիւնը Կիրակի, 24 Յունիսին կազմակերպած էր հոգի հարստացնող ու ճակատ բարձրացնող երաժշտական ձեռնարկ մը։
Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Զիփըր» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը բեմ հանեց տասնեակ մը հայ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ, որոնք կիթառով, ջութակով, թաւ ջութակով, դաշնակով ու երգով հմայեցին ներկաները։ Վստահ եմ ունկնդիրները սրահէն մեկնեցան ոչ միայն երաժշտական նուաճումի մը ականատեսի եւ մասնակիցի բաւարարութեամբ, այլ նաեւ այն հպարտութեամբ, որ մարդս կ՛ապրի՝ ի տես ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ արուեստագէտներու անթերի կատարողութեան։
Հայ ու այլ մեծեր անգամ մը եւս այս երիտասարդներուն ճամբով յիշեցուցին, թէ ինչո՛ւ անմահ կը կոչուին. յայտագիրին վրայ էին նաեւ մեծերու ներշնչումով նոր մեկնաբանութիւն եւ մշակում գտած գործեր։ Մարմնաւորուեցաւ ամբողջութիւն մը, որ մարդս կը բարձրացնէ առօրեայէն վեր, կը տանի արուեստի հաճոյքին կածանները, ու երբ նման համերգ վերջ կը գտնէ, ունկնդիրը կ՛ափսոսայ, որ հաճելի բաները ի վերջոյ… վերջ մը ունին։
Աւարտին, երբ սրահէն մեկնելէ առաջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցանք քանի մը բարեկամներու հետ, զգացինք, որ անոնց ալ ուրախութիւնն ու հպարտանքը անխառն չէր։ «Խառնող» տարրը՝ սրահին աթոռներուն մեծ մասին պարապ մնացած ըլլան էր. աւելի քան 400 հանդիսական ընդունող սրահին հազիւ մէկ-երրորդը գրաւուած էր…
Այս գրութիւնը կրնայ հոս կանգ առնել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ընթերցողը հասկցաւ «պարապ աթոռներ»ուն թողած դառնութիւնը։ Սակայն արձանագրենք գոնէ քանի մը նկատողութիւն.
Նման վիճակ կը ստեղծուի, ամէն անգամ որ որակաւոր նման ձեռնարկներ կը հրամցուին։ Մշակութային անկումի մը ողբերգութիւնը կ՛ապրինք իրողապէս։
Արդեօք ի՞նչ զգացին կազմակերպողները, բայց մանաւանդ բեմ ելլող երիտասարդները։ Վստահ ըլլանք, որ տաղանդները կը ծաղկին առանց աթոռները լեցնելու ալ, սակայն պարապ աթոռները, մշակութային սնանկութենէ աւելի, երիտասարդ արուեստագէտներու հանդէպ անտարբերութիւն ալ կը նշանակէ, մինչդեռ յաճախ մեծ-մեծ կը ջարդենք, որ քաջալերողն ենք երիտասարդութեան, արուեստին ու արուեստագէտներուն։
Արդեօք տեղին կ՛ըլլա՞յ հետեւեալ առաջարկը ներկայացնել նման ձեռնարկներ կազմակերպողներուն.- Այսուհետեւ, որեւէ նման լուրջ ձեռնարկ կազմակերպել… քեպապի սեղանի շուրջ, որովհետեւ ի վերջոյ, ստամոքսի մշակոյթը աղաղակող կերպով դարձած է տիրապետող, ինքզինք պարտադրող։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ