
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, Յունիս 27ի յետմիջօրէին գումարեց իր հերթական նիստը՝ նախագահութեամբ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութիւնը քննեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, որոնց լոյսին տակ նախագահական պալատ հրաւիրուեցան երկրի ապահովական կառոյցներուն բոլոր պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան:
Այս իրադարձութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի Լիբանանի կառավարութեան գումարած նիստերուն ընթացքին: Նախագահը ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն ներկայութեան շեշտեց, որ այսուհետեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան փակելը բացարձակապէս արգիլուած է: Ան կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն՝ խստացնելու ապահովական միջոցառումները՝ ընդգծելով, որ ինք անոնց կը շնորհէ իր, կառավարութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստի հովանաւորութիւնը:
Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստի ընթացքին նախագահ Սլէյման ներկայացուցած է Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստի արդիւնքները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող շարք մը հարցերու մանրամասնութիւնները:
Իր կարգին՝ վարչապետ Միքաթի դրուատեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումը դատապարտող կեցուածքները՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը ցուցանիշ է, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը զօրակցին ազգային միասնականութեան եւ խօսքի ազատութեան: Միքաթի շեշտեց, որ «Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է»:
Նիստի ընթացքին, կառավարութիւնը նաեւ հաւանութիւն յայտնեց թրքական ընկերութեան մը հետ համաձայնութիւն ստորագրելուն՝ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւեր վարձելու համար:
Իր կարգին, պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակել: Անդրադառնալով երկրի ապահովական կացութեան՝ ան շեշտեց, որ իրավիճակը այնքա՛ն լարուած է, որ ոմանք առիթը կը շահագործեն «պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսալու»:
«Անշուշտ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար ոստիկան մը կամ զինուոր մը կարելի չէ տրամադրել, սակայն ներքին գործոց նախարարը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ պարտադրելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան, միաժամանակ վերահաստատելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի այն պնդումը, թէ ՀՅԴն պէտք է մասնակից դառնայ ընտրական որեւէ օրէնքի մշակման: