
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական ռազմական օդանաւի զգետնումէն ետք լարուած թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները աւելիով սրելու հաւանականութիւն ունեցող քայլով մը, եւ հակառակ տագնապը ոչ ռազմական միջոցներով լուծելու միջազգային կոչերուն, Թուրքիոյ զինուած ուժերը Հինգշաբթի, Յունիս 28ին շարունակեցին յաւելեալ ռազմական սարքաւորումներ եւ զինուորներ տեղակայել Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ:
Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կեդրոնական Դամասկոսի մէջ, Արդարադատութեան պալատին մօտերը Հինգշաբթի օր երկու պայթումներ տեղի ունեցած են՝ վիրաւորելով առնուազն երեք քաղաքայիններ եւ պատճառելով նիւթական վնասներ: Նոյն օրը, Դամասկոսի հիւսիսային արուարձաններուն եւ Սուրիոյ քանի մը այլ շրջաններու մէջ զինեալ յարձակումներ տեղի ունեցած են բանակային դիրքերու վրայ՝ պատճառելով տասնեակներով զոհեր: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ումրան Զողպի, դատապարտելով պատկերասփիւռի կայանի մը վրայ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումը՝ արաբ նախարարները հրաւիրեց Սուրիա «տեսնելու համար իրենց որոշումին արդիւնքը», աւելցնելով, որ «այս ջարդին ամբողջական պատասխանատուն Արաբական լիկան կը նկատեմ, որովհետեւ ոճիրը գործադրողները Սուրիոյ մէջ լրատուութիւնը լռեցնելու անոր որոշումը կը գործադրէին»:
Քաղաքական գետնի վրայ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ Շաբաթ օր Ժընեւի մէջ կայանալիք Սուրիոյ հարցով միջազգային ժողովին ընթացքին քննուելիք «պատրաստ ծրագիր մը չկայ», եւ կրկնեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը «պէտք է սուրիացի ժողովուրդը ճշդէ»: Ան նաեւ «սխալ» որակեց Իրանը ժողովին չհրաւիրելու որոշումը:
Մինչ այդ, «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ժընեւի ժողովին նպատակը Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան շուրջ համաձայնութեան գոյացումն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն Ժընեւի ժողովին պիտի մասնակցի «միայն այն պարագային, եթէ այս խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատեն իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման կարեւորութիւնը»: Աղբիւրը նշեց, որ Քլինթըն Ուրբաթ օր, Ռուսիոյ մէջ Լաւրովի հետ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին շուրջ:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ նշեց, որ սուրիական տագնապի լուծման միջոցներուն շուրջ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի կեցուածքները տակաւին իրարմէ հեռու են: Ամերիկացի այլ պաշտօնատար մը աւելի ուշ յայտնեց, որ Քլինթըն պիտի մասնակցի Ժընեւի ժողովին:
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Ժընեւի մէջ կրնայ քննուիլ իշխանութիւնը ժամանակաւորապէս սուրիական համախոհական կառավարութեան մը յանձնելու կարելիութիւնը:
Նաեւ, Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Էըլտըրըմ յայտնած է, որ սուրիական ուժերուն կողմէ վար առնուած թրքական օդանաւին երկու օդաչուներու սաղաւարտները եւ վար առնուած օդանաւէն կտորներ յայտնաբերուած են, իսկ «օդաչուներու փնտռտուքի աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին»:
Յայտնենք, թէ միջադէպէն անմիջապէս ետք, թրքական որոշ աղբիւրներ հաղորդած էին, որ օդաչուները փրկուած են:
Իր կարգին՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը կը գրէ, որ թրքական օդանաւը զգետնելու Սուրիոյ քայլը զգուշացում մըն է, թէ իր ուժերը կրնան Լիպիոյ դէմ ՆԱԹՕի ղեկավարած օդային գործողութեան նման որեւէ օդային յարձակումի դէմ դնել, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, թէ նոյնիսկ Թուրքիոյ դաշնակից արեւմտեան պետութիւնները կասկածներ ունին, որ թրքական օդանաւը լրտեսական առաքելութեամբ խախտած էր Սուրիոյ օդային սահմանը:
Վերջապէս, ՄԱԿի քննիչներ Չորեքշաբթի օր Սուրիոյ ապահովական ուժերը ամբաստանեցին մարդկային իրաւանց խախտումներու եւ քաղաքայիններ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով: Անոնք նաեւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները ամբաստանեցին սուրիացի զինուորներ չարչարելու եւ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով: