ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Հայաստանի նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին:
Սերժ Սարգսեան 28 Յունիսին նաեւ աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոքի եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) խմբակցութեան փոխնախագահ Իոաննիս Քասուլիտեսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուած է Եւրամիութեան հետ խորհրդարանական մակարդակի վրայ, նաեւ երկկողմանի՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Եւրախորհրդարանի, Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական վեհաժողովի՝ «Եւրանես»ի շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը:
Սերժ Սարգսեան Էլմար Պրոքին եւ Իոաննիս Քասուլիտեսին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեկարգումներուն ընթացքն ու յառաջիկայ ծրագիրները: