
ՊՈԼԻՍ.- Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, բնիկ պոլսահայ, իրաւաբան Գէորգ Աճէմեանի եւ բանաստեղծ Իրմա Աճէմեանի որդին՝ Տարօն Աճէմօղլու, Կիրակի, Յունիս 24ին Կալաթասարայի վարժարանի «Թեւֆիք Ֆիքրե»չ սրահին մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին ստացաւ նորահաստատ «Կալաթասարայ» մր-ցանակը։ Մրցանակը առաջին անգամն է որ կը յանձնուի կալաթասարայցիի մը:
Տարօն Աճէմօղլու իր աշխատանքը ներկայիս կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իր մրցանակը ստանալու համար եկած էր Պոլիս։
Տարօն Աճէմօղլու հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, որ իրեն համար շատ նշանակալից է այս մրցանակը, մանաւանդ որ մրցանակը առաջին անգամ իրեն կը տրուի, եւ ասիկա մեծ հպարտութիւն կը պատճառէ իրեն՝ աւելցնելով, որ Կալաթասարա վարժարանը այն հաստատութիւնն է, ուր ինք ամբողջացուցած է իր մտածումներն ու կրթութիւնը։ Ան դրուատեց նաեւ Կալաթասարայցիներու միութիւնը եւ ըսաւ, որ այս միութիւնը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ Թուրքիոյ տարածքին։
«Ճառախօսներու միջեւ իր վրայ մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրեց փրոֆ. տոքթ. Ասաֆ Սավաշ Ագաթ, որ անպատրաստից փառաւոր ճառախօսութեամբ մը դրուատեց Տարօն Աճէմօղլուն՝ յայտնելով, որ անիկա տնտեսական մարզին մէջ աշխարհի ամէնէն եզակի դէմքերէն մէկն է, աննման գիտնական մըն է եւ, հաւանաբար, մօտ օրէն պիտի արժանանայ Նոպէլեան մրցանակի», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Տարօն Աճէմօղլու իր վկայագիրն ու յուշանուէրը ստացաւ Կալաթասարա համալսարանի վերատեսչութեան եւ միութեան ատենապետին ձեռամբ։