ԹԵՀՐԱՆ.- Պարսկերէն «Համշահրի» (Համաքաղաքացի) մեծ տարածում ունեցող եւ ամբողջութեամբ գունատիպ օրաթերթի «Մահալլէ» (Քաղաքամաս) յաւելուածը, իր Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի եւ 30ի թիւերուն մէջ հրապարակած է նիւթեր՝ կենսատեխնիկայի կեդրոններէն մէկուն՝ «Սատր» ուսումնական հաստատութեան վերաբերեալ, որ կը գտնուի 8րդ քաղաքամասին մէջ, եւ որուն մասնակիցներէն երկուքը՝ Զեփիւռ Թահմազեան եւ Օմիտ Մոսաֆֆան, ամբողջ Իրանի մէջ կայացած մրցոյթներուն գրաւած են առաջին տեղերը: Զեփիւռ «Յ. Թովմասեան» միջնակարգ դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտուհի է. ան հետաքրքրուած է նաեւ կենսատեխնիկայով:
Կենսատեխնիկան նոր գիտութիւն մըն է Իրանի մէջ: Այս գիտութիւնը կենդանի օրկաններու օգտագործումն է ճարտարարուեստական արտադրանքներու մէջ եւ կը տարբերի կենսաբանութենէն: