
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 17 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 9էն կ.ե. ժամը 4, Զմմառի Վերափոխեալ Տիրամայր հայավանքին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար տօնենք հայ ընտանիքի օրը» նախաձեռնութիւնը: Հայ կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն մօտ 800 հոգի՝ այրեր, կիներ եւ երեխաներ, հոգեւոր եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ անցուցին իրենց օրը, Աստուածամօր շուքին ներքոյ: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, կէսօրէն առաջ ժամը 11:30ին, «Կռունկ» երգչախումբի մասնակցութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց այս յիշատակելի օրը: