ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 17 Յունիսին, խանադավառ մթնոլորտի մը մէջ Դպրեվանքի ութնամեայ շրջանի աւարտական դասարանի վեց սարկաւագներ Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին աբեղայ ձեռնադրուելով՝ միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:
Շաբաթ, 16 Յունիսի երեկոյեան, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հաւատքի խոստովանութիւն կատարուեցաւ։
Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Սուրբ եւ անմահ պատարագը ու ձեռնադրութիւնը կատարեց Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը: Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը՝ նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած՝ Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ։ Անուանակոչութեան պահուն, Զօհրապ Ա. սրկ. Աշըգեան վերանուանուեցաւ Տաճատ աբեղայ, Սամուէլ Ա. սրկ. Լախոյեան՝ Նշան աբեղայ, Յարութիւն Ա. սրկ. Շէրնէզեան՝ Պարոյր աբեղայ, Յարութիւն Ա. սրկ. Շխրտըմեան՝ Գարեգին աբեղայ, Գէորգ Ա. սրկ. Սապունճեան՝ Սմբատ աբեղայ եւ Միքայէլ Ա. սրկ. Սարգիսեան՝ Զարեհ աբեղայ:
Սրբազանը քարոզեց՝ բնաբան ունենալով Յովհաննու աւետարանի «Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. «Ողջո՛յն ձեզի։ Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»» (Յհ 20.21): Սրբազանը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, նորընծաներուն ծնողներն ու կնքահայր-կնքամայրը, այս օրհնեալ եւ շնորհաբաշխ առիթով:
Պատարագէն ետք նորընծաները բարձրացան Վեհարան, ուր միաբանութեան ու ժողովուրդին ներկայութեան ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Իր խօսքին մէջ հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ձեռնադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը կը վերանորոգուի՝ ստանալով լայն ծաւալ ու առաւել կենսունակութիւն: Առաքելութիւնը նուիրեալ ու յանձնառու առաքեալներով կը կատարուի: Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի մեր եկեղեցին, ժողովուրդը ու հայրենիքը հրամայական կարիքը ունին այնպիսի մարդոց, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով մասնակից դառնան մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր հայրենիքի հզօրացման ու մեր ազգի յաւերժացման»: Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ աթոռին առաքելութիւնը դարձած է բազմերես: Այդ առաքելութեան մէջ տիրական ներկայութիւն են, բնականաբար, մեր ազգին հոգեւոր կարիքները, սակայն անոնց առընթեր նաեւ ներկայութիւն է մեր մշակոյթը, հայ դպրոցը, Հայ Դատը: Համապարփակ է այս Աթոռին առաքելութիւնը: Ահա այսօր այդ առաքելութեան լծուած մեր հոգեւոր բանակին կու գան միանալու վեց նոր զինուորներ»:
Ապա վեհափառին «Պահպանիչ»էն ետք, Մայր տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու համար անոնց առաջին օրհնութիւնը: