ՓԱՐԻԶ.- Յունիս 16ին, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ կայացած է Արցախի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը:
«Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին հետ գործակցաբար՝ հայկական տպագրութեան 500ամեակին առթիւ կազմակերպուած սոյն նախաձեռնութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան:
Ցուցահանդէսի նպատակը եղած է հանրութեան ծանօթացնել այն կարեւոր դերը, զոր խաղացած է Արցախը՝ Կովկասի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին առումով: Այս առթիւ կատարուած է նաեւ «Արցախ՝ հայկական արուեստներու եւ աւանդութիւններու այգին» գիրքի ներկայացումը, եւ տրուած է բանախօսութիւն մը՝ բացատրելու համար Արցախի, յատկապէս անոր պատմական մայրաքաղաք Շուշիի դերը, որպէս մշակութային եւ մտաւորական օճախ Կովկասի մէջ: