ԱՐՄԻՆԷ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Անհնար է գրել կամ խօսել Յովհաննէս Թումանեանի մասին, առանց յիշելու իր յայտնի «Վերնատան» մասին: Այս Վերնատուն կոչուած հաւաքատեղին Թումանեանի տան վերնայարկում էր, որի մշտական անդամներն են եղել Աւետիք Իսահակեանը, Ղազարոս Աղայեանը, Լեւոն Շանթը եւ Դերենիկ Դէմիրճեանը: Անշուշտ, Վերնատանը այցելած են հարիւրաւոր գրողներ, դերասաններ, մտաւորականներ եւ ամէն տեսակի հիւրեր: Թումանեանը խնճոյքների զարդն էր իր սրամիտ բաժակաճառերով ու հաճոյախօսութեամբ: Պահապանուած են շատերի գրուած նամակները՝ Թումանեանին, որոնց մէջ ամենահետաքրքիր ու քաղցր նամակներն են վերեւում յիշուած չորս մտերիմների գրածները:
Այստեղ ուզում եմ մէջբերումներ անել Լեւոն Շանթի նամակներից մի քանի պարբերութիւններ: Այս նամակների միջոցով, մօտից հասկանում ու մասամբ ծանօթանում ենք Թումանեանի ներաշխարհին, նրա ապրումներին ու կենցաղային դժուարութիւններին:
«Իմ անգին Հանես,
Երեւի զարմացած ես լռութեանս: Պարզապէս ծուլութիւն, այս երեք շաբաթ է պարապ-սարապ կը թափառիմ Փարիզ: Ո՛չ կը կարդամ, ո՛չ կը զբաղիմ, ոչ ալ՝ նամակ: Քեզի ամէն օր գրել կ՛ուզեմ ու ամէն օր ետ կը մնայ: Սակայն չեմ ուզեր Փարիզէն հեռանալ, առանց նամակիդ պատասխանը գրելու: Կիրակի գիշեր է հիմա, Փարիզի վերջին Կիրակիս: Առանձնացել եմ սենեակս ու կը կարդամ անգամ մը եւս քու զոյգ նամակներդ՝ պատասխանելէս առաջ. կը կարդամ ու կը մտածեմ: Չի զարմանաս եթէ ըսեմ, որ մտածումս տխուր չէ, թէեւ նամակներուդ մէջ տխրեցնող տարրերը չեն, որ կը պակսին: Չգիտեմ, իմ տրամադրութի՞ւնս է, քու թօնը՞, թէ ի՞նչ, բայց ես ակամայ կը խնդամ: Կը զգամ շատ խոր, որ ձմեռը խիստ դառն վարկեաններ ես անցուցեր: Նրբազգաց մարդու համար անտանելի տանջանք մըն է քու նկարագրած մանրամասնութիւններդ, գիտեմ, բայց ամէն առաւելութիւն իրեն հետ իր տանջանքը ունի, հոգի՛ս: Քեզի նման, կեանքին շատ բարձրէն նայող, հպարտ, մաքուր ու նրբազգաց հոգին բացառիկ է: Ու ճիշդ իր բացառիկ ըլլալուն համար ալ պիտի տուժէ: Սովորական մարդիկը ամէն բան կը ներեն, բայց իրենցմէ տարբերուիլը, իրենցմէ բարձր թռչիլը՝ չե՛ն ներեր: Ու ամէն կերպ կը ջանան, ըլլայ գիտակից թէ բնազդաբար, իրենց վրէժը լուծելու… տանջելով: Իրաւունք չունիս սպասելու, որ անոնք քեզի հասկնան: Դուն պէտք է, որ անոնց հոգին հասկնաս, եթէ հասկնաս՝ կը ներես եւ հոտ ալ կը գտնես, գուցէ՝ անոնց քեզի պատճառած «կեանքիդ թունաւորման» հակաթոյնը: Կը տեսնե՞ս չեմ ըսեր, որ չի տանջուիս շրջապատիդ պզտիկ խայթոցներէն, որովհետեւ նրբազգաց մարդու համար ատիկա անկարելի է: Չեմ ալ ըսեր, որ արհամարհես անոնց ծաղրն ու կոպտութիւնը. կոպիտ սրտերու բաժինն է, իրօք, արհամարհել կարողանալը: Խղճա՛, եթէ կ՛ուզես, բայց յամենայնդէպս, համոզուած եղիր, որ քու տանջուելուդ իսկական աղբիւրը քու մէջդ է, քո՛ւ առաւելութիւններդ: Եւ եթէ բնական օրէնքով մը դուն ալ կ՛ուզես քու վրէժդ լուծես անոնցմէ, աւելի որոշ ու խոր դարձուր քու ու անոնց մէջ եղած զանազանութիւնը: Այս բարոյական դատողութիւններէն զատ, գիտեմ ես նաեւ ուրիշ բան մը, որ կրնաս քու հոգուդ առջեւը վահան բռնել՝ անթափանց վահան մը, որուն զարնուելիս՝ բոլոր գծուծ նետերը գետին կը թափին: Գրէ՛, գրէ՛, եւ այն ժամանակ դուն կը բարձրանաս քու աչքիդ ու այնքան քեզի վերը կը զգաս, որ այդ մանր ցաւիկները ծիծաղելի կը դառնան: Գրէ ու ատով լիովին փոխանակած կ՛ըլլաս քու փոքրաթիւ ճշմարիտ բարեկամներուդ թէ՛ զոհողութիւնը, թէ՛ ակնկալութիւնը: Ինծի կը թուի, որ ատոնք են քու պարտատէրերէդ ամէնէն գլխաւորները, որոնց հաշիւը ամէնէն առաջ պիտի մաքրուի, եթէ քու բարեկամներուդ մօտ գլուխդ բարձր պահիլ կ՛ուզես: Գրէ՛, հոտ է քու վրէժդ ալ, քու պարտքերուդ վճարումն ալ, քու կեանքիդ խորհուրդն ալ, ու, եթէ կ՛ուզես՝ քու երջանկութիւնն ալ»:
Մի քանի պարբերութիւն յետոյ, քաջալերական ու շատ քաղցր զուարճախօսութեամբ շարունակում է այսպէս.

«Ի դէպ, ո՞ւր է Աւետիքը հիմա եւ ի՞նչ բանի է: Յոյս ունիմ, որ առաջիկայ ձմեռ գոնէ բոլորս միասին կ՛ըլլանք եւ մեր Վերնատունը յաւիտենապէս դատապարտուած չի մնար միշտ Հայր-Որդի-Հոգին Սուրբէ մը բաղկացած ըլլալու: Շատ-շատ կը ցանկայի, որ հաւաքուէինք, սեղմուէինք իրարու, իրար սիրող, իրար հասկցող մեր խումբը, ու քիչիկ մը կենդանացնէինք, տաքցնէինք Վերնատունը: Նիկոլը, գիտեմ, որ հոտ է, իսկ Դերենիկը, ինչպէս կ՛երեւի, ջութակը ջիղերուն է դպեր (Դ. Դէմիրճեանը 1903թ. ջութակի դասեր առնելու նպատակով մեկնել է Մոսկուա, սակայն վատառողջութեան պատճառով՝ շուտով ստիպուած է եղել ընդհատել պարապմունքները: Տես Հր. Մուրադեան, «Դերենիկ Դէմիրճեան», Երեւան, 1961, էջ 25):
Ինծի գրեր էին, որ վերադարձեր է արդէն Կովկաս եւ որ ջիղերը քիչ մը գրգռուած են: Ձմրան ան ալ հաւանօրէն Թիֆլիս կը լինի, գուցէ մէկ երկու նորերն ալ բռնացրինք, արդէն նորընծայացու մէկ թէ երկու հատ ունիմ աչքիս տակ, բայց եւ այլն, մնացածն ալ բերանացի: Ինծի նայէ, ես այնպէս ծուլութիւն-մուլութիւն բան չեմ հասկնար, ոչ այլ այնպէս յիմար տողեր, թէ «ես ծռուած, խանգարուած եմ», չգիտեմ ինչ: Կ՛ուզես ծռուի, կ՛ուզես շտկուի. ես վերադարձիս քեզմէ նիւթ կ՛ուզեմ, մեր վերնատանը արժէք ունեցող բան մը պիտի ներկայացնես, անպատճա՛ռ: Նախ գրէ՛, վերջը ատեն որչափ կ՛ուզես խանգարուած մարդ եղիր, մէկը միւսին չի խանգարեր, իսկական խանգարուած կամ խանգարուող մարդ կը դառնաս միայն այն ժամանակ, երբ մեր վերնատան ընթերցանութեան նիւթերդ ցամաքեցնես: Գիտես որ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ մեծը մեր վերնատան ընթերցումներն են, ուրեմն՝ երեսդ խաչ հանէ եւ շուտ ըրէ, վերջացո՛ւր ինչ որ սկսեր ես: Վա՛հ, այսպէս էլ խայտառակութիւն. ես հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք Եւրոպան չափչփեմ ու ամէն տեղ «է ջան» կարդամ, թէ բանաստեղծ ու բանաստեղծ դուն ես, որ միայն կաս եւ թէ շուտով օժտելու ես մեր գրականութիւնը աննման պօէմով մը, թէ այն, թէ չգիտեմ ինչ, եւ ահա ամենախայտառակօրէն կը նստես ինծի գրելու, որ խանգարուեր ես, որ… ես քեզի այնպէս խանգարուել մը ցոյց կու տամ, որ ճշմարիտ, որ խանգարուես: Դարտակ բառերը գլուխս չի մտներ, նստէ՛, աշխատէ՛: Ընտանիք, ծանրութիւն, զոքանչէք, պարտքեր, երեխաների ճզլթոց, այդ բոլորը շատ լաւ հասկցայ, բայց ի՞նչ, կը կարծես միայն դո՞ւն ես այդպէս: Գրողներու կէսէն աւելին քեզի պէս են եղած, եւ վերջապէս՝ քու քաջութիւնդ ալ հոն պիտի ըլլայ, որ այդ փրոզաներուն մէջէն կարողանաս «փոեզիի լոյսը ծագեցնես»: Դուն փոխանակ քու խանգարուելուդ մասին մտածելու ու գրելու, քիչ մըն ալ քու խանգարուած պօէմիդ մասին մտածէ ու գրէ. դուն կ՛ուզես տակառներով արդարացում դիր մէջտեղը եւ կողովներով դժուարութիւններ, ոչ ոքի համոզել չես կրնար, որ քեզմէ չի պահանջեն, եւ իրաւունք ունին, ի հարկէ, պահանջելու, որովհետեւ քու մէջդ շնորհք կայ: Իսկ ես, իբրեւ պահանջող՝ ամէնէն առաջ, որովհետեւ ամէնքէն աւելի խոր կը հասկնամ քեզի, կը ճանչնամ հոգիդ, ընդունակութիւններդ, դժուարութիւններդ ու արգելքներդ. եղիր հիւանդ, եղիր ծոյլ, եղիր խանգարուած, եղիր տանտէր եւ փեսայ, վերջապէս եղիր ինչ որ սիրտդ կ՛ուզէ կամ չուզէ, միայն մէջեմէջ, գոնէ գոնէ, երբեմն, այնպէս, սխալմամբ՝ եղիր եւ այն ինչ, քու մէջը տեսնել կ՛ուզեն քեզ սրտանց սիրողները: Նու, սիրելիս, այս ահագին ճառէս վերջը, կարծեմ իրաւունք ունիմ այլեւս քիչ մը հանգստանալու, մանաւանդ որ կէս-գիշերը իր լեն-լեն փէշերը արդէն փռեր է չորս դիս, դէ՛, գիշեր բարի:
Եթէ այս նամակս առնելուդ պէս, անմիջապէս ինծի պատասխանես, հոսկէ մեկնելու օրերս քեզմէ թարմ լուր մը առնելու մեծ հաճոյքը կը պատճառիս ինծի: իսկ իմ մասին քեզի լուրեր կու տամ միշտ, թէ՛ հոսկէ եւ թէ տեղէս շարժուելէս ալ վերջը: Աղայեանին բարեւներս, բարեւներս եւ տիկնոջդ: Քանի մը օր առաջ գրած եմ նամակ մը Ֆիլիպին, վստահ եմ, որ արդէն ստացած ըլլալու է: Երեւի արդէն վերադարձած ես Թիֆլիս, տուր ուրեմն բարեւս իրեն: Բարեւէ եւ մեր տղայքը, ով որ հոտ կայ, եւ դուն ինքդ ալ առ պինդ ու ջերմ համբոյր մը քու Լեւոնէդ:
Յ.Գ. Եթէ ինծի նամակ գրես, հասցէի հակառակ կողմը գրէ եւ քու հասցէդ: Բան է, եթէ քիչ աւելի շուտ մեկնեցայ, նամակդ ետ դառնայ քեզի»:
Հոկտեմբեր 10, 1902
Թիֆլիսից Աբասթուման, Վրաստան (Ուր հանգստանալու էր մեկնած Թումանեանը)