
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ Կովկասի մէջ պիտի պատճառէ մեծ աւերներ, ինչ որ, բնականաբար, չի բխիր Եւրոմիութեան շահերէն. Չորեքշաբթի, Յունիս 20ին, Եւրոպական խորհրդարանի Ապահովական հարցերու ենթայանձնախումբին առջեւ այսպէս յայտարարեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր:
«Եթէ իրավիճակը չփոխուի, կուտակուած հիասթափութիւնը կրնայ տարածաշրջանին բերել նոր աղէտներ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը պիտի դառնայ այդպիսի՛ աղէտ մը», ըսաւ յատուկ ներկայացուցիչը:
Խօսելով հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Եւրոմիութեան դերակատարութեան մասին՝ Լեֆոր նշեց, որ Եւրոմիութիւնը չի կրար «հրաշքներ գործել եւ որոշումներ կայացնել կողմերուն փոխարէն»:
«Մենք կրնանք օժանդակել հակամարտութեան կարգաւորման, սակայն անոր վերջնական արդիւնքը կախեալ է կողմերու կամքէն: Այնուամենայնիւ, երկու երկիրներու ե՛ւ հասարակութիւնները, ե՛ւ ղեկավարութիւնները կը գիտակցին, թէ կարելի չէ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց ապահովել՝ առանց փոխզիջումներու», շեշտեց Ֆիլիփ Լեֆոր:
Անդրադառնալով Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ դերին՝ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ Ռուսիա Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ունի որոշ հիմնարար տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շահեր, ուստի՝ շրջանային անկայունութիւնը ձեռնտու չէ նաեւ այդ երկիրին համար: