ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վերջին տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ անձնասպան եղողներուն թիւը բարձրացած է։ Վիճակագրութեան մը համաձայն, անձնասպանութեան կը դիմեն յատկապէս անգործները։
Հոգեբան Միհրան Մադաթեանի համաձայն, անձնասպանութիւններուն թիւը զգալիօրէն կրնար նուազիլ, եթէ Հայաստանի մէջ հոգեկան առողջութեան հետեւելու մշակոյթի բացակայութիւնը այսքան շեշտուած չըլլար։
«Եթէ հոգեկան առողջութիւնը ապահովելու կուլտուրան աւելի լաւ մտած լինի, այլ ոչ հայկական մենթալիտետով, թէ՝ «մենք մեր հարազատների հետ խօսում ենք, նորմալ է», բնականաբար, երեւի թէ ինքնասպանութիւնների քանակն էլ բաւականին կը նուազի», դիտել տուած է Մադաթեան:
Մասնագէտներուն համաձայն, անձնասպանական մեծ թիւով դէպքեր կարելի կ՛ըլլայ կանխել, եթէ մարդիկ սկսին աւելի ուշադիր մօտենալու իրենց շրջապատին։ Մարդիկ իրենց կեանքին վերջ կը դնեն ընկերային վատ պայմաններու, վախերու, կրօնական գաղափարախօսութեան պատճառով, սակայն, ըստ հոգեբաններու եւ ընկերաբաններու, կեանքի խճողուածութիւնը, մարդոց մեկուսացումը, մարդկային անտարբերութիւնը պատճառ կը դառնան այս չարիքի բազմապատկութեան։
2009-2011 թուականներուն Հայաստանի մէջ բարձրացած է անձնասպան եղողներուն թիւը: Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, մինչ 2009ին անձնասպան եղած կամ անձնասպանութիւն կատարել փորձած են 498 անձեր, 2010ին այդ թիւը հասած է 592ի, իսկ 2011ին՝ 647ի: 2012 թուականի տուեալները տակաւին չեն ամփոփուած:
Ըստ նոյն վիճակագրութեան, անձնասպանութեան կը դիմեն յատկապէս 30-65 տարիքի պատկանողները: Անոնց մէջ մեծ է թիւը անգործներուն։ Սակայն մասնագէտները ճիշդ չեն նկատեր այս հարցին մօտենալ միայն ընկերային հարցերու տեսակէտէն։ Հոգեբան Մադաթեան նշեց, թէ կայ նաեւ այլ լուրջ խնդիր մը. քիչ չեն այն անձերը, որոնք առողջական վատ վիճակի պատճառով պէտք է հոգեբուժարան մուտք գործէին, սակայն ներկայ դրութեամբ հոգեբուժարանը բոլոր հիւանդները չ՛ընդունիր:
Հոգեբոյժ Մարուք Եղեանը համաձայն չէ այն տեսակէտին, որ հոգեբուժարանէն դուրս բուժուող մարդոց կողմէ գործուած անձնասպանական գործողութիւնները կ՛ազդեն այս երեւոյթի աճին վրայ:
«Չեմ կարող համաձայնուել դրա հետ, քանի որ մենք ձգտում ենք նրան, որ մարդիկ տանը բուժուեն, ոչ թէ հոգեբուժարանում: Թուի աճ դա երբեք չի տայ, կարող է 1-2 դէպքով աւելի լինի», նշած է Եղեանը:
Մադաթեան դիտել տուած է, որ հարցը այն է, որ անձնասպանական փորձերը կանխարգիլելու համար յատուկ պատրաստուածութիւն ունեցող ոստիկան-հոգեբաններ չկան:
Ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժինի ծառայութեան գծով պետի տեղակալ Կարէն Մարտիրոսեանը համամիտ է հոգեբանին հետ, սակայն նաեւ ան յիշած է այն դէպքերը, երբ ոստիկաններու աշխատանքին շնորհիւ անձնասպանութեան փորձերը կարելի եղաւ կասեցնել: Տակաւին վերջերս ոստիկանները Կիեւեան կամուրջէն նետուիլ ուզող 27ամեայ կնոջ կեանքը փրկած են։
«Պարեկապահակային ծառայութեան 3րդ վաշտի տղաները, ծառայութիւն կատարելիս, Կիեւեան կամրջի մօտ նկատել են կնոջը՝ ինքնասպանութեան փորձ կատարելուց: Բերման են ենթարկել ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին», նշեց Մարտիրոսեանը:
Ոստիկանները, հոգեբանները եւ ընկերաբանները համակարծիք են այն հարցին շուրջ, թէ լրատուամիջոցները շատ մանրամասն կերպով կը ներկայացնեն անձնասպանութիւնները, ինչ որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ: Վերջիններս կը խնդրեն լրատուամիջոցներէն՝ զուտ տեղեկատուութիւն հաղորդելով բաւարարուիլ, որովհետեւ ոմանք մանրամասնութիւններ լսելով կը կարծեն, որ անձնասպանութիւնը իրենց ցաւին ու հարցերուն լուծումներ կրնայ տալ եւ այդ քայլին կը դիմեն։