
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Արտաքին գործոց նախկին նարարար Վարդան Օսկանեանի պաշտպան փաստաբան Տիգրան Աթանէսեան, Օսկանեանի դէմ բացուած դատին ետին քաղաքական դրդապատճառներ տեսնելով՝ յայտնած է. «Այն հանգամանքներում, որոնք յայտնի են ինձ քրէական գործով եւ որոնք ես չեմ կարող այս պահին հրապարակել, չկայ որեւէ իրաւական հիմք՝ պարոն Օսկանեանին որեւէ հակաիրաւական արարք կատարելու մէջ մեղադրելու եւ հետապնդելու համար: Եթէ չկայ իրաւական հիմք հետապնդման համար, ուրեմն կարող են լինել այլ դրդապատճառներ հետապնդման համար»։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Վարդան Օսկանեանի այն յայտարարութեամբ, որ եթէ ինք տուրքեր տալու մէջ ուշացած էր, ուրեմն օրին պէտք է դիմէին իրեն, ինք արդէն ընդունած չըլլա՞ր յանցաւոր ըլլալը՝ Տիգրան Աթանէսեան յստակացուցած է. «Պարոն Օսկանեանը հարկեր վճարելուց չի խուսափել, այն իրաւայարաբերութիւնները, որ կան եւ որտեղ կարող էին լինել հարկային պարտաւորութիւններ, ինքը չի մասնակցում եւ ամէն դէպքում հարկային սուպյեքթ, հարկատու չի, նա այլ բան նկատի ունի, սակայն, ցաւօք չեմ կարող ձեզ ասել»:
Տիգրան Աթանէսեան «Ա1+»ին յայտնած է, որ իրենք 19 Յունիսին դիմած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ խնդրելով արտօնութիւն տալ իրենց համար յայտնի հանգամանքները հրապարակելու. «Եւ եթէ ունենանք պատասխանը դրական, կը հրապարակենք եւ աւելի մանրամասն կը ներկայացնենք, որոնցից ցանկացած իրաւաբան կարող է հետեւութիւններ անել»:
Տիգրան Աթանէսեան առանձինը կը պաշտպանէ Վարդան Օսկանեանի շահերը, փաստաբանական խումբ չկայ. «Իսկ եթէ կը լինեն փաստաբաններ, որոնց աշխատանքը ցանկալի եւ անհրաժեշտ կը լինի, ապա ինձ համար հաճելի կը լինի աշխատել մասնագէտների եւ փրոֆէսիոնալների հետ», դիտել տուած է Տիգրան Աթանէսեան՝ անդրադառնալով Գագիկ Ծառուկեանի այն առաջարկին, որուն համաձայն, ան պատրաստ է միջազգային լաւագոյն փաստաբանները այս դատի պաշտպանութեան լծելու։
Յիշեցնենք, որ Վարդան Օսկանեան եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը կը մեղադրուին դրամի լուացում կատարելու յանցանքով։