ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սան Տիէկօ քաղաքին նուիրուած թատերախաղերու «Out On a Limb» փառատօնին ընթացքին, Յունիս 29ին ու 30ին, երեկոյեան ժամը 8ին, բեմ պիտի բարձրանայ Լիսա Քիրազեանի նոր թատերգութիւնը՝ «Օն Էյր» («On Air»), Սան Տիէկոյի «Սքրիփս Ռեն»չ թատերասրահին մէջ:
Բեմադրիչն է Անթոնիօ Թի.Ճէյ. Ճանսըն, իսկ դերասանական փորձառու կազմին մէջ կայ նաեւ հայազգի դերասան Ճեֆրի Ճոնզը:
Թատերախաղը Սան Տիէկոյի մէջ դասաւանդող հայ դասախօսի մը մասին է՝ Վիեթնամի պատերազմի օրերէն, եւ հիմնուած է թատերագիրին հօր՝ Ճորճ Քիրազեանի, փորձառութեանց վրայ:
Ներկայացումը պիտի կրկնուի Յուլիս 1ին, կ.ե. ժամը 2ին, «Լեկլըր Պենպօ» թատերասրահին մէջ:
Տոմսերու սակը 15 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (858) 578-7728 թիւին կամ այցելել www.scrippsranchtheatre.org կայքը: