ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը եւ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնադրամը կը տեղեկացնեն, թէ որոշուած են Սարոյեանի անուան թատերական գործերու մրցանակի երեք հոգինոց դատակազմին անդամները:
Դատակազմի անդամներն են Կէյց ՄըքՖետըն (դերասան, բեմադրիչ եւ արտադրիչ), Քեթրին Ֆիլու (մրցանակակիր թատերագիր) եւ Էտուարտօ Մաչատօ (թատերագիր, բեմադրիչ):
Դատակազմը պիտի արժեւորէ մրցանքին ներկայացուած գործերէն լաւագոյն երեքը, որոնք պիտի յայտարարուին յառաջիկայ ամիս:
Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկին կողմէ 2007ին հաստատուած մրցանակին տնօրինումը յանձնուած է Հայկական թատերական արուեստներու միութեան, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը: Մրցանակին նիւթապէս կ՛օժանդակէ նաեւ «Կակոսեան» ցուցադրասրահներու սեփականատէր Լերի Կակոսեանը:
Հայկական թատերական արուեստներու միութեան կեդրոնատեղին Քէյմպրիճի մէջ է եւ մասնաճիւղեր ունի նաեւ Փարիզի, Երեւանի, Լոս Անճելըսի, Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը: