ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 19ին, առաւօտեան ժամը 11ին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական եւ խիստ կարեւոր դասախօսութիւն մը՝ «Մաշտոց» քոլեճի հայոց լեզուի ամպիոնին կազմակերպութեամբ, որուն ներկայ էին ունկնդիրներու հոյլ մը՝ քոլեճի ուսանողներ եւ հիւրեր:
Ըստ սովորութեան՝ դասախօսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոլեճի բազմավաստակ տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը: Ան ըսաւ, որ քոլեճը հիմնադրաման օրէն ունեցած է ազգային դիմագիծ, որ, անկասկած, հայերուս համար հպարտութիւն է: Տնօրէնին բովանդակալից նախաբանէն ետք, հրաւիրուեցաւ քոլեճի հայոց լեզուի եւ գրականութեան հմուտ գիտակ, մանկավարժ եւ դասախօս դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանը, որ ընտրած էր կարեւոր եւ հետաքրքրական նիւթեր՝ հայոց լեզուի մասին, որոնք իրապէս հետաքրքրեցին ներկաներս:
«Բիւրաղացնենք մեր մայրենի լեզուն» էր խորագիրը դասախօսութեան: Դասախօսը նախ նշեց հայ գիրքի եւ գրականութեան կարեւորութիւնը, ապա, պաստառի վրայ ներկայացուց շարք մը լեզուական սխալ երեւոյթներ, թէ՛ արեւելահայերէնի եւ թէ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ, երբ անուշադիր խօսողը թոյլ կու տայ քերականօրէն անճիշդ արտայայտութիւն կամ բառի սխալ առոգանութիւն: Միաժամանակ, դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրեց այդպիսի սխալներու ծագման աղբիւրները եւ ուղղագրական կառոյցը:
Ուսուցողական ու բացատրական սոյն դասախօսութեան աւարտին, յարգելի դասախօսը յորդորեց ներկաները, որ գնահատեն մեր հնամեայ, հարուստ մայրենի լեզուն, խօսին ճիշդ, գրական լեզուով եւ պահպանեն զայն:
Դասախօսութեան վերջաւորութեան ունկնդիրներու կողմէ եղան հարցումներ, որոնց սպառիչ կերպով պատասխանեց դասախօսը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եւ միտքերու փոխանակում: