ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) Ուրբաթ, 8 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ տեղի ունեցաւ æաւախքի զօրակցութեան հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նեկայացուցիչ Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական խումբի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ մեծ թիւով լիբանանահայեր:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգնելու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, լիբանանահայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ջաւախքին, Պուրճ Համուտի մէջ ծածանիլ տուաւ Ջաւախքի դրօշը եւ ստացաւ պրակներ, որոնց նպատակն էր Ջաւախքը իր քարտէսով, զինանշանով, բնակչութեան թիւով, աշխարհագրութեամբ եւ պատմականով ծանօթացնել լիբանանահայուն:
æաւախքահայութեան զօրակցութեան այս հաւաքին, ԶՈՄի անունով բացման խօսք արտասանեց Հրակ Փափազեան: Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ æաւախքին, որ հեռու է իրմէ եւ որ կրնայ ոմանց համար անծանօթ ըլլալ:
Հ. Փափազեան շեշտեց, որ թէեւ Ջաւախքը այսօր անկախ Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն ան միատարր հայաբնակ հողամաս է:
Ան ներկայացուց ջաւախքահայութեան դիմագրաւած դժուար պայմանները, որոնց շրջագիծին մէջ հայերը հեռացուած են պետական պաշտօններէ, կը տառապին անգործութենէ, հայ քաղաքական գործիչները կ՛ենթարկուին հալածանքի ու ձերբակալումի, հայ աշակերտը կը զրկուի հայերէնի ուսուցումէ, իսկ այս բոլորին դիմաց վրացական իշխանութիւնները ծրագրուած կերպով թուրքեր կը բնակեցնեն այդ հողերուն վրայ:
Հ. Փափազեան շեշտեց նաեւ, որ միայն ինքնավարութեամբ æաւախքը կրնայ յաղթահարել իր դժուարութիւնները:
Ջաւախքի զօրակցութեան հաւաքին պատգամը փոխանցեց օրուան բանախօս Բենիամին Պչաքճեան, որ շեշտեց, թէ æաւախքը պատմական Հայաստանի մէկ անբաժան մասն է՝ աւելցնելով, որ անոր տխուր իրավիճակն է, որ կը համախմբէ լիբանանահայութիւնը եւ կը մղէ զայն իր հաւաքական ձայնը բարձրացնելու ու Ջաւախքի ինքնավարութիւնը պահանջելու:
«Դարերէ ի վեր իր պապենական հողին վրայ ապրած ու ստեղծագործած մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին ապրուստի ծանր ու թշուառ պայմաններն են, տնտեսական իրավիճակին մութ ու անհեռանկար ճակատագիրն է, լիիրաւ քաղաքացիի ոտնակոխուած իրաւունքներն են, իր պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու պետական կաշկանդումներն են, իր համայնքային ու տեղական կեանքը կազմակերպելու արգելքներն են, որոնք մեզ բոլորս կը մտահոգեն», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:
Ան ներկայացուց æաւախքի այսօրուան տնտեսական պայմանները եւ հետզհետէ վատթարացող քաղաքական պայմանները: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ Վրաստանը կարեւոր է ու կենսական Հայաստանի համար՝ անոր զուգահեռ նշելով նաեւ վրացական իշխանութիւններուն վարած ան-արդար քաղաքականութիւնը æաւախքի հայութեան նկատմամբ:
Ընթացքին իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ Ջաւախքի ու ջաւախքահայութեան մասին տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը:
Հաւաքին փակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին կատարած Հայ կամաւորական գունդերու քայլերգով: