
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնեն, թէ UCLA-ի յարկին տակ գործող «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund) 100,000 տոլարի առատաձեռն յատկացում մը կատարած է վարժարանին:
Վարժարանը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ հիմնադրամին, որ այս նուիրատուութեամբ կարելի պիտի դարձնէ վարժարանին առաքելութեան շարունակումը:
Յիշեցնենք, թէ «Երազ Հիմնադրամ»ը հաստատուած էր Գըրգ Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամին միջոցաւ: