
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի բանակցութեանց շրջանակներէն ներս Փարիզի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար նոր մօտեցում պիտի առաջարկուի. այս մասին Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին, Պաքուի մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը: Ան անգամ մը եւս ափսոսանք յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպերուն առնչութեամբ՝ աւելցնելով. «Մենք կը փափաքինք, որ կողմերը կարելի եղածին չափ հասնին խաղաղութեան: Հարցին լուծում մը պէտք է գտնուի», աւելցուցած է Քլինթըն:
Նոյն օրը, Քլինթըն հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ու շրջանային խնդիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին:
Ատրպէյճանական մամուլը կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի ապահովութեան մարմինները աննախադէպ միջոցառումներու դիմած են, երաշխաւորելու համար Քլինթընի ապահովութիւնը, որովհետեւ կասկածներ կային, թէ իսլամ արմատական խմբաւորումներ կը ծրագրեն Քլինթընի դէմ մահափորձ մը իրականացնել: Ապահովական մարմինները ամբողջութեամբ փակած են Պաքուի օդակայանէն նախագահական նստավայր տանող բոլոր ճամբաները: