ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Իր 30 Մայիս թուակիր համարի լրատուութեան բաժինին մէջ, «Ասպարէզ» թարգմանը եղած էր մտահոգիչ տեղեկութեան մը. Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ու Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ քանի մը օրէ ի վեր «ելեկտրոնային բանավէճ» մը կը մղուի. մերոնք կ՛ըսեն, որ Արցախը հայապատկան է, Ուաշինկթընի գիտոսիկները կը յամառին ու տգիտաբար կը պնդեն, որ Արցախը Ատրպէյճանին կը պատկանի։
Է՛, ի՞նչ ընենք։ Տգիտութիւնը ցաւալի է, տգէտ ձեւանալը՝ աւելի՛ ցաւալի, իսկ չսորվիլ վճռելը՝ ողբերգութիւն, որ պէտք չունի որեւէ ածականի։
Ուաշինկթընի մէջ գործադիր իշխանութեան պաշտօններու կոչուիլը, վերէն մինչեւ վար, յայտնապէս պաշտօնատարը կը փոխադրէ ոլորտ մը, ուր տգէտ ձեւանալն ու մնալը կարծէք կարեւոր նախապայման է։ Իրերայաջորդ նախագահներ, անգիտանալով մինչեւ իսկ նախորդ իշխանութեանց որդեգրած արդարամէտ քայլերն ու դիրքորոշումները, կը պնդեն, որ 1915-23ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն չեն, այլ «ողբերգական դէպքեր». կը փորձեն ոճրագործ Թուրքիոյ հրամցուցած՝ շիլերու ակնոցով դիտել պատմական անյեղլի ճշմարտութիւնները, կը խուսափին ոճրագործ պետութիւնը կոչելէ իր իսկական անունով ու դեռ, կը փորձեն մեզ համոզել, որ պէտք է ձեւով մը փակուած նկատել մութ ու կարմիր էջերը, յարաբերութիւններու նոր էջ բանալ՝ առանց անցեալի հաշուեփակին։
(Եթէ մխիթարուելու կէտեր պիտի փնտռենք, պէտք է ընդունինք, որ տգիտութեան այս մրցանիշները միայն հայկական հարցերու մէջ չեն արձանագրուիր, այլ նաեւ՝ Միջին Արեւելքի մէջ ցայսօր կիրարկուող քաղաքականութեամբ…)
Արցախի մասին Ուաշինկթընի կեցուածքն ալ ջուր կը խմէ նոյն աղբիւրէն (եթէ քարիւղը ըմպելի ըլլար, պիտի ըսէինք՝ «կը խմէ քարիւղի՛ աղբիւրէն…»)։ Ուաշինկթընի համար, պատմական իրականութիւնները, ճշմարտութիւնները, արդար դատերը կը համարուին երկրորդական կամ չորրորդական. ի՜նչ կարեւորութիւն ունին բոլոր այն փաստերը, թէ Թուրքիոյ հանրապետական իշխանութիւնները, իթթիհատական թէ քեմալական, շարունակած են սուլթաններու ոճրային ընթացքը, ջարդած են բազմամիլիոն հայեր ու բռնագրաւած, խլա՛ծ են մեր հայրենիքը (ջարդած են նաեւ յոյն, քիւրտ, հրեայ, ասորի, առանց կրօնական կամ յարանուանական խտրութեան)։ Ի՜նչ կարեւորութիւն ունին այն ճշմարտութիւնները, թէ Արցախը Հայաստանին է պատկանած դարեր շարունակ, թէ՝ նուազ քան դար մը առաջ շինծու կերպով քարտէս ելած Ատրպէյճանը, ստալինեան (որուն հանդէպ ընդհանրապէս նողկանք կ՛արտայայտուի այլ ոլորտներու մէջ) կամայականութեամբ մը «նուէր տրուեցաւ» Ատրպէյճանին, որ ոչ մէկ հիմունքով իրաւատէր կրնայ ըլլալ Արցախի նկատմամբ։
Գիտելիքներու եւ ճշմարտութիւններու շարքը կարելի է երկարել։ Կարելի է նաեւ ողջունել բանիմացներն ու ապաւինիլ անոնց դատողութեան, զօրակցութեան։
Իսկ տգիտութեան մէջ յամառողներուն՝ կարելի է միայն ափսոսալ, մինչեւ իսկ մեղքնալ, բայց նաեւ՝ պէտք է զանոնք անվերապահօրէն դատապարտել, որովհետեւ անոնք ի ծնէ տգէտներ չեն, այլ տգէտ մնալ յամառող… քաղաքական փերեզակներ։
30 Մայիս 2012