
Երկուքով Ու Երկուքին Հետ…
ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ճը՜ռ-ճը՜ռ-ճը՜ռ. հեռաձայն։
Ընկալուչը կը վերցնեմ. միւս կողմէ՝ Յակոբ եղբայրս էր, որ խեղդուած ձայնով հարց կու տար։
– Բան մը լսեցի՞ր։
– Ե՞րբ, որմէ՞ եւ ի՞նչ…,- հարուածային արագութեամբ ուղղած հարցումներուս՝
– Կէս ժամէն քովդ կ՛ըլլամ. կը հասկնաս,- կը պատասխանէ:
Ու ձեռքի ընկալուչէն ելած այնքա՛ն զօրաւոր «շըրը՛խ» ձայն մը ամբողջ էութիւնս ցնցած, հին ու նոր դէմքերու հետ, անախորժ դէպքերու ու կէս կատար մնացած յուսախաբ գործերու շարք մը աչքիս առջեւ տողանցելով՝ անհամբեր, վայրկեան առաջ գալուն կը սպասեմ. ու հազիւ տան դուռը բանալու վրայ էի, երբ պատահածը գիտնալու հետաքրքրութեամբ հարցական աչքերուս՝
– Ճորճիկը ինքնաշարժի արկած ունեցած է,- կ՛ըսէ ու ձեռքին մէջ ունեցած բանալիներու տրցակը ճզմելու չափ սեղմած՝
– Ինչո՞վ յանցաւոր է այդ անմեղ տղան,- կ՛աւելցնէ։
Այսքանը լսելով հանդերձ, տակաւին բանէ-բամպակէ ոչինչ հասկցածի պէս, սահմանափակուած ուղեղով՝ «եղածը ինքնաշարժի արկած է, չէ՞. ոչի՛ն»չ, կը մտածեմ. ես ինքս քանի՜-քանի՜ անգամներ զոհ դարձած եմ անոր, Ռիվըրսայտի անապատէն մինչեւ քաղաք ինքնաթիռով փոխադրուելու չափ։
– Հիմա միասին հիւանդանոց կ՛երթանք եւ զինք կը տեսնենք, իրար մի անցնիր:
Ու մտահոգ իր այդ հոգեվիճակը թեթեւցնելու ճիգիս մէջ՝ երկուքով նախ կ՛ուղղուինք քրոջս Նելլիենց քով, որուն տան դրան առջեւ մեզմէ շա՜տ առաջ հասած ինքնաշարժներու շարք մը ուշադրութիւնս գրաւելով՝ զիս զգաստութեան կը բերէ. եղբօրս խոնաւ աչքերուն կը նայիմ, ու անոնց մէջ ինձմէ պահուածը գուշակելով՝ վերջապէս կը հասկմամ, որ պատահած էր անսպասելին։
23ամեայ, մեծ հօր անունով մկրտուած քրորդիս՝ Ճորճիկը, տեղւոյն վրայ մահացած էր այդ արկածով. մահ, որուն լուրը իր ահաւորութեամբ բոլորին համար բան մըն է, իսկ զայն ապրողին ու մորթին վրայ զգացողին համար՝ տարբեր բան։ Չէ՞ որ արաբական ժողովրդական արածն ալ թարգմանաբար կ՛ըսէ. «Լսելը տեսնելու պէս չէ»։
Ներս կը մտնեմ, ու չորս կողմ նայելով՝ հասած մարդուս լսածիս չհաւատացած՝
– Իրակա՞ն է եղածը, ըսէ՛ք, իրակա՞ն է,- կը հարցնեմ:
Ո՛չ ոքէ ո՛չ մէկ պատասխան ստացած՝ բնազդաբար կը մօտենամ յատկանշական ժպիտով քեռին յիշեցնող պատէն կախուած իր նկարին. կը դիտեմ զայն այնքան, որքան կրօնքի ու պատմութեան հին ու դեղնած էջերը վերյիշելով՝ վայրկեանի մը համար կ՛ուզեմ դառնալ հեթանոս, հաւատալ գոյութեանը հարալէզ չաստուածներու, որոնք լզելով իր մարմինը պիտի կարենային զինք կեանքի կոչել. բայց «խորհուրդ մարդկան կամքն Աստուծոյ» խօսքով էր որ միայն մխիթարուած՝ աւելի կը մօտենամ նկարին: Մատներովս երբ հազիւ կը փորձէի շոյել զայն, դէմքը կամաց-կամաց կերպարանափոխուելով՝ կարծես ողորմած Հրանդ եղբայրս էր որ աչքիս առջեւ պատկերացաւ. ու երկու մահերուն մէջ հոգիս կանգ առած՝ ո՞ւր եմ, ի՞նչ կ՛ընեմ, ո՞ր կողմ դառնամ՝ չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ ականջիս յանկարծ Ճորճիկին՝ «Լաս Վեկասի «քար շօ»ին ինչո՞ւ չեկար» մեղադրանքն էր որ կը հասնէր։
Ան գիծով ու գոյնով գեղեցկացուցած էր «Ֆորտ» ամերիկեան ինքնաշարժի ընկերութեան կողմէ ձրիաբար իրեն տրուած ինքնաշարժը, որուն տրամադրուած էր լաւագոյն տեղը «շօ»ին օրր։ Չէ՞ որ ընկերութեան ստեղծագործական բաժինին մէջ իր մասնակցութիւնը սկսած էր բերելու Ճորճիկ. ի՜նչ եւ ի՜նչ յոյսեր, ի՜նչ եւ ի՜նչ երազներ կապուած ունէր այդ գործին հետ. այդ երազները իրականանալու համար ճամբայ ելած էին արդէն։ Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս եկած էին այդ բոլորը իր նոր բացուած աշխարհին մէջ… զարմացած ես ինծի հարց կու տամ, տուած եմ ու պիտի տամ տակաւին։
Ամէ՜ն ինչ, ամէ՜ն ինչ մոռնալ կը փորձեմ, բայց իրեն հետ Լաս Վեկաս չերթալու զղջումս մէջս մեծցած՝ ինքզինքս չզսպելով՝ հեկեկալու կը սկսիմ. ու ճիշդ այդ պահուն էր որ «ալ բաւակ՛ան է. թող ո՛չ ոք լայ եւ ո՛չ ոք ողբայ. Ճորճիկը ապահով ձեռքերու մէջ է»՝ Հրանդին ձայնն էր, որ այս անգամ միւս ականջիս մէջ կ՛արձագանգէր: Այլեւս ոտքի կենալու անկարող՝ աթոռ մը գտնելով կը նստիմ, ու երկու ձեռքերովս քունքերս սեղմած՝ կը վերյիշեմ իր մանկութեան օրերը, երբ երկուքը իրարու հետ ֆութպոլի խաղի գացին, միասին պաղպաղակ կերան. հոս-հոն այցելութիւններ տուին… իսկ հիմա զոյգ հողաշերտերու մէջ քով-քովի հանգչած՝ «երկրին վրայ իրենց ըրածը երկինքի մէջ ալ պիտի շարունակեն»ին հաւատա՞մ։ Իրարու հանդէպ ունեցած անմնացորդ սէ՞րն էր, որ զիրենք այդքա՛ն շուտ՝ 4 տարի անց միայն՝ իրարու քով հասցուց. երկուքին վիճակուած մահը պատահեցաւ այսնպիսի ձեւով, մէկը՝ կաթուածահար, միւսը՝ արկածահար, որուն համար, որպէս մխիթարանք միա՛յն ու միա՛յն գլուխդ շարժելով՝ «ճակատագիր է» կ՛ըսես. ճակատագիր, որուն պատճառաւ մէջս ստեղծուած ցաւին խորունկ վէրքերը, հաւատացէ՛ք , եթէ երկուքը գիտնային, անկասկած, որ զիս հոս չէին ձգեր, զիս իրենց հետ կը տանէին։