
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ամերիկեան խորհուրդի աւագ գիտաշխատող Ուէյն Մերին ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մօտենայ հալման կէտին:
Անոր համաձայն, անխուսափելի չէ, որ պատերազմը վերսկսի, սակայն կանխանշաններ կան եւ բաւական զգալիօրէն: «Հարցը այն է, որ չկայ ռազմական հաւասարակշռութիւն, ընդհակառակն, կայ հակասութիւն հայերու պաշտպանողական կարելիութիւններուն եւ ատրպէյճանցիներու կուտակած ուժին միջեւ: Ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, թէ նոր պատերազմի հետեւանքը ինչ պիտի ըլլայ, բացի անկէ, որ անիկա սկզբունքով պիտի տարբերի առաջին պատերազմէն եւ աւելի աւերիչ պիտի ըլլայ», նշած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ պատերազմի սկսման պարագային Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դիւրքորոշումը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ ամերիկացի վերլուծաբանը ըսած է. «Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ Ռուսիան բացէ ի բաց այս կամ այն կողմ պիտի պաշտպանեն, թէեւ Ռուսիան, անկասկած, պայմանագրային պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանի հետ: Անոնք պիտի փորձեն քաղաքական միջոցներով արագօրէն դադարեցնել հակամարտութիւնը, սակայն միայն Ռուսիան ներուժ ունի՝ Պաքուի կամ Երեւանի վրայ անմիջական ճնշում գործադրելու»: