
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւելի քան 11 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, վերջերս հոգաբարձութեանց անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է այդ մարմինին ատենապետ:
Կրթական մարզին մէջ աւելի քան 40 տարիներու փորձառութիւն ունեցող դոկտ. Արմինէ Յակոբեան պիտի ստանձնէ տարեկան մօտաւորապէս 40,000 ուսանողներ ունեցող սոյն համալսարանին այս պատասխանատու պաշտօնը, մինչ ան կը պատրաստուի Ապրիլ 2013ին կայանալիք հոգաբարձութեան յաջորդ ընտրութեանց:
Յայտնենք, թէ համալսարանի ուսանողներուն մօտաւորապէս 35 տոկոսը հայ է: