
ԵՐԵՒԱՆ.- Մինչեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան յայտարարութիւնը՝ համախոհական կառավարութեան մաս չկազմելու մասին, համամասնական ցանկէն հրաժարական ներկայացուցած ԲՀԿի անդամ նախարարներուն դիմումները տրամաբանական կը նկատուէին: Սակայն, այդ յայտարարութենէն ետք զանոնք պաշտօնապէս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին այդ հրաժարականները փոխանցելու հարցը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հրաժարական-դիմում ներկայացուցած էին ԲՀԿի 30 անդամներ, որոնց կարգին քաղաքաշինութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարներ Վարդան Վարդանեանը, Յարութիւն Քուշկեանը եւ Արթուր Գրիգորեանը: Կար այն տեսակէտը, որ հակառակ համախոհական կառավարութեան չմասնակցելնուն, նախարարները կրնան շարունակել պաշտօնավարել եւ հետեւաբար, տակաւին պատգամաւորական աթոռէն հրաժարակն տալու խնդիրը կը մնար ի զօրու:
Սակայն, աւելի ուշ ԲՀԿի պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան վստահեցուց, որ հրաժարական ներկայացուցած ԲՀԿական նախարարները իրենց պաշտօններուն վրայ պիտի չմնան: Այս դրութեամբ անոնք կորսնցուցած պիտի ըլլան թէ իրենց նախարարական եւ թէ պատգամաւորական աթոռները: