
ՋՈՒՂԱ, «Արմէնփրէս».- Իրանի սահմանապահ մարմինները Չորեքշաբթի, Մայիս 23ին կասեցուցած են Նախիջեւանի æուղա քաղաքէն ատրպէյճանական բեռնատար ու մարդատար ինքնաշարժներու մուտքը դէպի երկիր:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ æուղա քաղաքէն դէպի Իրան գացող ճանապարհին վրայ կուտակուած են բազմաթիւ ինքնաշարժներ եւ փոխադրակառքեր, որոնք իրանցի սահմանապահներէն արտօնութիւն չեն կրցած ստանալ՝ իրանեան սահմանին մօտենալու: Միաժամանակ, Իրան հինգ անգամով բարձրացուցած է սահմանը հատելու համար գանձուող գումարը:
Իրանեան այլ քայլեր կը համընկնին Պաքուի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Թեհրան յետկանչելու Իրանի որոշումին:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, իրանեան «Սեհեր» պատկերասփիւռի կայանէն Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը ամբաստանած է Ատրպէյճանի մէջ հակաիրանեան գործողութիւն ծաւալելու յանցանքով:
Դիւանագէտը յայտնած է, թէ Իսրայէլի աջակցութեամբ եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ Պաքուի մէջ կազմակերպուած հակաիրանեան ցոյցերուն ընթացքին իրանցի ղեկավարներուն նկատմամբ «անյարգալից վերաբերմունք»ին պատճառով՝ «Պաքուն ծանր հատուցում պիտի վճարէ»: