ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ա1+».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Մայիսին հանդիպում ունեցած է նոյն օրը Արցախ ժամանած Ֆրանսայի խումբ մը ծերակուտականներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ԼՂՀի ներքին կեանքին, արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Բակօ Սահակեան անդրադարձած է նման հանդիպումներու յաճախականութեան կարեւորութեան՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախ մեծապէս շահագրգռուած է Ֆրանսայի, մասնաւորաբար անոր օրէնսդիր մարմինի հետ համագործակցութեան ամրապնդումով:
Երկուստէք նշուած է այդ ուղղութեամբ յստակ ծրագիրներու մշակման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը, եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ: