ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ժողովրդավարութիւնը նպատակ չէ հասարակութեանց զարգացման համար։ Ազատութիւնը, անկախութիւնը, հաւասարութիւնը, արդարութիւնը, ընկերային համերաշխութիւնը եւ բարօր կեանքը հասարակութեանց համար կրնան նպատակներ ըլլալ, բայց ժողովրդավարութիւնը այդ նպատակներուն հասնելու միջոց մըն է միայն։
Հասարակական գիտութեանց տարրական դասանիւթերուն մէջ ամրագրուած է այս ճշմարտութիւնը։ Քաղաքագիտութեան թէ իրաւագիտութեան, տնտեսագիտութեան թէ ընկերաբանութեան, փիլիսոփայութեան թէ զանգուածային հոգեբանութեան ուսանողները, տարրական գիտելիքի եւ ուսմունքի կարգով, ժողովրդավարութեան մասին՝ իբրեւ պետական կառավարման ձեւաւորման միջոցի՝ իրենց կազմած պատկերացումով ձեռնամուխ կ՛ըլլան լրացուցիչ եւ մասնագիտական ուսումնառութեան ու հասարակագիտական ճանաչողութեան խորացումին։
Կը հետեւի, հասկնալիօրէն, որ մարդկային միտքը տեւաբար որոնումի մէջ է՝ նախ հասարակական զարգացման ծառայող պետական կառավարման նպատակայարմար ու անթերի միջոցը ճշդելու, ապա եւ ընտրուած միջոցին՝ այս պարագային ժողովրդավարութեան կատարելագործումին հասնելու համար։
Նաեւ՝ պարագայական ու յարաբերական ընտրանք է ժողովրդավարութիւնը, որովհետեւ տարբեր ժամանակներու եւ քաղաքակրթական զարգացման տարբեր պայմաններու բերումով, ժողովրդավարութիւնը միակ միջոցը չէ նկատուած հասարակական զարգացման ծառայող պետական կառավարման իտէալական համակարգը ձեւաւորելու համար։ Բռնատիրութեան եւ սակաւապետութեան, միապետութեան եւ ամբողջատիրութեան մէջ եւս ընկերային ու քաղաքական մտածողներ կամ փիլիսոփաներ տեսած են պետական կառավարման «իտէալական» միջոց մը… որուն ներշնչումով դիմած են արիւնալի յեղաշրջումներու կամ պատերազմներու։
Ինքնանպատակ չեն կատարուիր այս ընդգծումները։ Կը ծառայեն իբրեւ մեկնակէտի, որպէսզի վերանկախացեալ Հայաստանի քսանամեայ Հանրապետութեան «ամէնէն ժողովրդավարական» քուէարկութիւնը հռչակուած Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց արժեւորումը զերծ պահուի… ժողովրդավարութեան զարգացման հետ կապ չունեցող քաղաքական չարաշահումներէ։
Իսկ չարաշահումները ամէն օր յառաջ կը մղուին ուղղակի թէ անուղղակի եղանակներով։
Չարաշահումներու մայր աղբիւրը, անշուշտ, վերջին երկու շաբաթներուն առօք–փառօք յանկերգի վերածուած պետական գովազդն է այն «արժեւորումին», թէ մեր ժողովուրդը ազատ ու թափանցիկ ընտրապայքարի մը աւարտին վստահութեան իր քուէն տուաւ, տպաւորիչ մեծամասնութեամբ մը, մեր երկիրն ու պետութիւնը կառավարող նախագահական իշխանութեան «գործընկեր» կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետականին եւ Բարգաւաճին…
Կասկածէ վեր է, նոյնպէս, որ փայլուն յաղթանակ ձեռք բերած նախագահական իշխանութիւնը բաւարար հիմք ունի նման գովազդ մը մինչեւ ծայր տանելու եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց համար, ի շահ իր վերընտրութեան, նպաստաւոր հողի պատրաստման ծառայեցնելու։
Եւ ինչո՛ւ ոչ. չէ՞ որ արտաքին աշխարհը փութաց ողջունելու եւ շնորհաւորելու «համոզի»չ յաղթանակը նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան, առանց մոռնալու, հարկաւ, որ նոյնպէս շնորհաւորէ նոյնքան յաջող ձեռքբերումը իշխանութեան գլխաւոր գործնկեր Բարգաւած Հայաստան կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի։
Բայց նախագահական իշխանութեան բարձունքին թեւածող ինքնասքանչացման ու ինքնավստահութեան գովազդի ետին, յատկանշականօրէն, նոյնպէս զգալի է բուն յաղթականին՝ աւելի քան 70 տոկոսով իշխանութեան ի նպաստ իր վստահութեան քուէն տուած ընտրազանգուածի ապրած յետ– ընտրական… կրաւորականութիւնը։
Սեփական ընտրազանգուածին մօտ տիրող խանդավառութեան պակասին վստահաբար ամէնէն աւելի կ՛անդրադառնայ ինք՝ նախագահական իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարը, որ գոնէ ինքն իր հետ անկեղծութեան պահերուն անպայման կ՚անդրադառնայ մինչեւ նախագահ վերընտրութիւն իր «յաղթարշաւի» ճամբան ականապատող… պարտաւորութիւններուն։
Տարածաշրջանի եւ մեծապետական աշխարհի ազդեցիկ ուժերուն կողմէ Հայաստանի նախագահին վրայ դրուած աննախանձելի պարտաւորութիւններուն։
Սոսկ պատահականութիւն չի կրնար ըլլալ, որ վերջին օրերուն Հայաստանի նախագահը պարտաւորուած կը զգայ վերստին երկխօսութեան եւ մերձեցման ձեռք երկարելու Թուրքիոյ պետական ղեկավարութեան։
Խորհրդարանական իր փայլուն յաղթանակին հաշւոյն քաղաքական պարտամուրհակ վճարելու ժա՞մը հնչած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար։
Չի՛ բացառուիր։
Բայց արտաքին քաղաքականութեան այդ պարտամուրհակներուն մասին տակաւին կանխահաս է խօսիլը։ Այսօրուան մտածումին կիզակէտը ժողովրդավարութեան այսպէս կոչուած «հայաստանեան» ոճին ախտորոշումն է, որովհետեւ 6 Մայիս 2012էն ետք հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք ունի մտահոգուելու վերանկախացեալ Հայաստանին պարտադրուած «ժողովրդավարութեան» այս տեսակին հետագայ արմատաւորումով։
Ընթացիկ լրահոսի ընդմէջէն ընթերցողը տեղեակ է, որ յետ–ընտրական շրջանին Հայաստանի «հանրածանօ»չ քաղաքական մեկնաբան–վերլուծաբանները, ինչպէս եւ այսպէս կոչուած «սոցիոլոգ»ները՝ հանրային կարծիքի հետազօտման մասնագէտները իրարու հետ կը մրցին, որպէսզի հիմնաւորեն եւ գովազդեն «իրենց» այն տեսակէտը, թէ հակառակ խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ Հանրապետականի արձանագրած բացարձակ յաղթանակին, մեր երկիրը պէտք ունի… համախոհական կառավարութեան։
Ամէնէն պերճախօս մեկնաբանութիւնը օրեր առաջ հրապարակուեցաւ ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեանի կողմէ, որ ի դէպ 6 Մայիսի ընտրութեանց փաստացի արդիւնքը ճշգրտութեամբ նախատեսող առաջին «սոցիոլոգ»ներէն մէկն էր։ Ընկերային–քաղաքական այս վերլուծաբանը, արժեւորումը կատարելով խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքին, նաեւ՝ ներ–քաղաքական հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ իր նախատեսութիւնները բանաձեւելով, նախ մեծապէս հաւանական կը նկատէ, որ նախագահական իշխանութիւնը կառավարական նոր համախոհութիւն մը գոյացնէ, ապա՝ կարեւորութեամբ խորհուրդ կու տայ Հայ Ազգային Քոնկրեսին, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութեան, որ ընդունին իշխանաւոր «կոալիցիային» մաս կազմել… հրաւէրը եւ դուրս չիյնան քաղաքական դաշտէն։
Թերեւս ընդդիմադրութիւնը ներկայացնող խորհրդարանական ուժերը չստանան ալ իշխանաւոր կոալիցիային մաս կազմելու նման հրաւէր։ Թերեւս ստանան նման հրաւէր եւ իրապէս ալ հետեւին քաղաքական մեկնաբաններու եւ «սոցիոլոգներու» յորդորին՝ կրկնելու համար քաղաքական այն ձախաւեր քայլը, որ իրենց ընտրական անփառունակ պարտութեան պատճառ դարձաւ, սեփական ընտրազանգուածին մօտ հարցականի տակ դնելով իրենց արժանահաւատութիւնը։
Բայց հարցը այդ չէ։ Քաղաքական զարգացումները շուտով պարզութիւն եւ որոշակիութիւն կը մտցնեն այդ ուղղութեամբ։
Բուն հարցը եւ այսօրուան քննարկման առարկան ընկերաբաններու եւ քաղաքական մեկնաբաններու այն տրամաբանութիւնն է, որուն համաձայն ժողովրդավարութեան «հայաստանեան» ոճը կը զատորոշուի քաղաքական դաշտը իշխանութեան վերապահելու եւ ընդդիմադրութիւնը լուսանցք մղելու իր առանձնայատկութեամբ։
Այսինքն՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը մանկահասակ ըլլալու եւ քայլ առ քայլ հասունանալու խնդիր չունի այնքան, որքան որակապէս գլխիվայր շրջուած համակարգի իր ներկայ վիճակէն դուրս գալու եւ ոտքերուն վրայ կանգնելու անհրաժեշտութիւն։
Նախագահական իշխանութենէն անուանապէս անկախ մեկնաբաններն ու վերլուծաբանները փաստօրէն կը հասկցնեն մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս քաղաքական խաւին, որ իշխանութեան առանցքէն դուրս չկայ քաղաքական դաշտ Հայաստանի այսօրուան իրականութեան մէջ։
Ինչպէս որ ընտրութեանց ընթացքին մեր ժողովուրդը չունեցաւ իր կամքը արտայայտող քաղաքական ուժը խորհրդարան հասցնելու խնդիր, այլ ստիպուեցաւ ընտրութիւն կատարելու պետութիւնը իր ձեռքը կեդրոնացուցած նախագահական իշխանութեան եւ անոր մրցակից՝ յաւակնորդ գործիչներու եւ կուսակցութեանց միջեւ…
Այնպէս ալ մեր ժողովուրդին կամքը արտայայտելու ուղին ընտրած ընդդիմադիր ուժերը քաղաքական պայքարի դաշտ չունին «հայաստանեան» ոճով հաստատուած այսօրինակ ժողովրդավարութեան մէջ։
Այլապէս դատապարտուած են կորսնցնելու ժողովրդավարական ճնշումի ամէն հնարաւորութիւն, եթէ իշխանութեան վերապահուած քաղաքական դաշտին մէջ չուզեն գրաւել իրենց շնորհուած տեղերը՝ նոյնինքն իշխանութեան «բարի կամք»ին ընդառաջելով։
Բայց ժողովրդավարութիւնը միայն քաղաքացիական քուէի ուժին ազատ գործածութեամբ չի պայմանաւորեր իր օրինականութիւնը։
Ժողովրդավարութիւնը կը յատկանշուի ժողովրդային հակակշռի եւ քաղաքացիական ճնշումի միջոցներուն յարաճուն կատարելագործումով։ Իբրեւ հասարակական զարգացման ծառայող պետական կառավարման համակարգի ստեղծման ու կատարելագործման առաջնորդող միջոցի՝ ժողովրդավարութիւնը իր օրինականութիւնը կ՛ապահովէ այն չափով, որքանով կ՛ամրապնդէ նոյնինքն ժողովրդային մասնակցութիւնը հանրային ու պետական կեանքի ղեկավարման բոլոր մակարդակներուն վրայ։
Իսկ ժողովրդավարութեան «հայաստանեան» այս ոճը, միայն իշխանութեան վերապահելով ժողովրդավարական օրինականութիւն վայելող քաղաքական դաշտի հակակշիռը, իր էութեամբ եւ ըստ ամենայնի հականիշն է նոյնինքն ժողովուրդի մասնակցութեան կռուաններու զարգացումին։
Հականիշն է նոյնինքն ժողովրդավարութեան, որ մեր դարաշրջանին պայքարի ամէնէն ազդու եղանակն է ժողովուրդէն բխող, ժողովուրդին ուղղուող եւ ժողովուրդին ծառայող իրա՛ւ իշխանութեան հաստատումին։