
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արուեստներու նուիրուած «Bureau of Arts and Culture» թերթին նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, Կիրակի, Մայիս 20ին, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 կազմակերպուած է գրական գործերու ընթերցումներու շարք մը՝ Մայիս 5-20ի միջեւ տեղի ունեցած եւ Լոս Անճելըսի մէջ ապրող տարբեր ազգութեանց արուեստագէտներու ստեղծագործութեանց խմբային ցուցահանդէսին զուգահեռ:
Շարք մը հեղինակներու կողքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ բանաստեղծ եւ դասախօս Ալին Թերզեան, բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Թինա Տէմիրճեան, արուեստագէտ եւ բանաստեղծ Սիրուն Երէցեան, որուն գործերը ցուցադրուած էին վերոյիշեալ ցուցահանդէսին ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ վիպագիր Արիս Ճանիկեան:
Գրական գործերու ընթերցումները տեղի պիտի ունենան 1282 W. Sunset Blvd., Los Angeles, CA, 90026 հասցէին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ այցելել
BUREAUofARTSandCULTURE.com կայքը: