
Բարձր հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին ճաշկերոյթով մը նշեց եկեղեցւոյս հիմնադրութեան եօթներորդ տարեդարձը, որուն ընթացքին նաեւ պատուեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը՝ իր վեց տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2012ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ: Բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Պերճ Ալեքսանեան: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժ Քէօսէեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանին, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանին եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանին, իրենց անձնուէր ծառայութեան համար՝ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ զարգացման եւ պայծառացման աշխատանքին մէջ: Ան նաեւ յաջողութիւն յայտնեց նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանին:
Նաեւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն. բեմ հրաւիրուեցան ազգայիններ, որոնք հազարական տոլարի նուիրատուութեամբ ստանձնած էին մոմավառութիւնը: Աւարտին, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ ծուխի բոլոր անդամներուն, որոնք սիրով փարած են եկեղեցւոյս՝ մաղթելով մօտիկ ապագային ունենալ սեփական եկեղեցի մը:
Ապա տեղի ունեցաւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը. բեմ հրաւիրուեցաւ ազգային երեսփոխան Տիգրան Տէր Սարգիսեան՝ մեծարանքի խօսքը փոխանցելու: Ան բարձր գնահատեց անսակարկ նուիրումն ու զոհաբերութիւնը տէր Արտակին, որ տարիներ շարունակ ծառայեց ի խնդիր նորաստեղծ եկեղեցւոյ հաստատման, գոյատեւման ու պայծառացման: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ մեծարեալը, ինչպէս նաեւ սրբազան հայրը:
Ներկայ եւ անցեալ տարիներու հոգաբարձութեանց եւ համայն գաղութին անունով, առաջնորդին ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանին: Ապա բեմ հրաւիրուեցան Քրեսենթա Հովիտի քաղաքապետարանի անդամներ Հրայր Լիոն եւ Տիննէթ Էրիքսըն, որոնք շնորհաւորելէ ետք մեծարեալը, անոր շնորհաւորանքի գիր յանձնեցին՝ յանուն Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետութեան. շնորհաւորանքի գիր ուղարկած էր նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի կառավարիչներէն Մայք Անթոնովիչ:
Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, իր կարգին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ Քրեսենթա Հովիտի ազգայիններուն, որոնք միասնաբար հիմնեցին Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին: Յայտագիրը եզրափակուեցաւ Սրբազան հօր պատգամով, որ շնորհաւորելէ ետք տէր Արտակին, օրհնեց ներկաները եւ թելաթրեց հաւատքով փարիլ եկեղեցւոյ եւ շարունակել եկեղեցասէր ու ազգօգուտ գործունէութիւնը:
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը աւարտելէ ետք, Գագիկ Պատալեան իր երգերով խանդավառեց մթնոլորտը, որուն ընթացքին կատարուեցան նորանոր նուիրատուութիւններ:
(Թղթակցութիւնը եկեղեցիէն)